image

Ո՞վ կը պահանջէր Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը. Արտակ Բեգլարեան

Ո՞վ կը պահանջէր Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը. Արտակ Բեգլարեան

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այն պնդումը, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած է պետական յեղաշրջում, որու հետեւանքով նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը հրաժարական տուած է, ինչ որ առիթ հանդիսացած է ատրպէյճանական յարձակումներուն համար, չի համապատասխաներ իրականութեան։

Այս մասին 24News-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է  Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան։

«Այդ օրերին Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականը հիմնականում պահանջում էին Ռուբէն Վարդանեանի եւ Սամուէլ Բաբայեանի գլխաւորած ուժերը, այլ ոչ թէ նախկին նախագահներ Բակո Սահակեանն ու Արկադի Ղուկասեանը»,-ըսած է ան։

Բեգլարեան պնդած է, որ Ատրպէյճանի յարձակողականը պայմանաւորուած չէր Արայիկ Յարութիւնեանի հրաժարականով կամ ինչ-ինչ պայմանաւորուածութիւններու խախտումով, որ անոր օրօք ձեռքբերուած է ։

Խօսելով ՀՀ իշխանութիւններու այն պնդման մասին, թէ Արցախի ներկայացուցիչները հրաժարած են մեկնելէ Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիա՝ հանդիպելու արեւմտեան հովանիի ներքոյ ատրպէյճանցիներուն հետ՝ Բեգլարեան նկատել տուած է, որ արցախցիները չեն հրաժարած, իսկ այդ հանդիպումն ալ միջազգային հովանիի ներքոյ չէ առաջարկուած։