image

Ո՞վ կը գողնայ մեր ժամանակը...

 Ո՞վ  կը գողնայ մեր ժամանակը...

 Սա անշուշտ միայն անհատական հարթակի, անհատական խնդրի վիճակ մը չէ, այլ ազգովին մեզ տանջող հիւանդութիւն-ախտ մըն է, որուն սկիզբը շատ հաւանաբար երկար տարիներու անցեալէ մը կուգայ եւ կը հասնի մեզի։

 Ի սէ՜ր Աստծոյ մեր անձնական ժամանակին կողքին, մի գողնաք նաեւ ազգիս Հայոց իրական ժամանակը։

 Եթէ մեր ազգը սէր միութիւն ուզելէն ու աղերսելէն անդին պէտք ունի նաեւ վէրքերու դարմանման, ապա ամենակարեւորը այսօր ազգի ժամանակը չգողնալն է։ 

 Մանաւանդ Հայաստանի ժամանակը, որ այսօր կ՚անցնի մեծ տատանումներէ...

 Թողենք, որ Հայաստանը ապրի, մեզմէ ամէն մէկս իր գործով զբաղի, որովհետեւ մենք ազգովին ժամանակի լուրջ խնդիր ունինք։

 

 

 

 

Ժամանակի լուրջ խնդիր ունինք։

 Իրօք ո՞վ կը գողնայ մեր ժամանակը։ Կամ անոնք, որ մեր սենեակի դռները առանց մեր ուզելուն բանալով կուգան եւ կը նստին մեր մօտը, ինչքան կուզեն սպառել մեր ժամանակը։

 

 Մեզմէ իւրաքանչիւրը ըսելիք մը ունի, կարծիք մը ունի, անհիմնաւոր հիմնաւորում մը ունի եւ բոլորին նպատակը մէկ է կարծէք. Բոլորը կ՚ուզեն գողնալ մեր ժամանակը։ 

 Անշուշտ հոս չեմ խօսիր, որ այդ «գողեր»ուն մէջ կան նաեւ մարդիկ, որոնք փրկութեան մը շեշտով ճամբայ կ՚իյան, ու կը խօսի փրկութեան մը բանալին ունենալու յոխորտանքով։

Սա բոլորովին այլ թեմա է, ու այս թեման կը մտնէ «Մենք այլեւս փրկիչներ չենք ուզեր» ընդհանուր նիւթի պարունակին մէջ, որուն մասին կարելի է գրել այլ առթիւ։

 Ամէնաէականը այսօր ժամանակը գողնալու, ու այդ գողութիւնը «քէթէն» բռնելու մասին է, որ ոչ միայն օգտակար է, այլ այլեւս պէտքական։

Ի դէպ այս մտածումները ունեցայ այն պահուն, երբ Կիպրոսի իմ լաւ ընկերը՝ Յ. Տ.ն օրեր առաջ «Ուաթց աբ»ի ճամբով պատգամ մը նետեց ու յարեց՝ «այլեւս երկար գրելու-գրելներու ժամանակը անցած է, մարդիկ այլեւս, ոչ միայն «հաւէս» չունին երկար- բարակ բաներ կարդալու, այլ ժամանակ ալ չունին»։

 Խօսքը շատ տեղին էր անշուշտ, ոչ միայն անոր համար, որ իմ ընկերը, մինչեւ այս սիւնակին գրուիլը օրեր առաջ, ինծի համար շատ փայփայելի, բայց եւ այնպէս իրեն համար շատ հաւանաբար շատ ձանձրալի նիւթը չկարդաց, այլ անոր համար, որ ան մատը կը դնէր վէրքին վրայ։ 

 Ան կերպով մը կ՚ուզէր ըսել ու բացատրել, որ «մեր ժամանակը քիչ է բարեկամս. Մի գողնար այն եւ ձգէ, որ մեր գործերը զբաղուինք...»։ Ի հարկէ ան չխօսեցաւ, ոչ ալ ակնարկ ըրաւ կարծիք մը տալ-չտալուն մասին, այլ ուզեց գալ հասարակ յայտարարի մը, որուն հիմքը ժամանակ գողնալու մասին է։

Թերեւս շատ շուտ է, որ ինչպէս գողութեան պարագային յատուկ օրէնքներ ու կանոններ սահմանուին, բայց վստահ եմ, որ պատշաճ օրը պիտի գայ սահմանելու համար կանոն մը, որ կը ամէն գնով կ՚արգիլէ «ժամանակի գողութիւն»ը։ Ժամանակի գողութիւնը մեր սենեակին, մեր մեքենաներուն, քալած ատեն, պատառ մը հաց ուտելու ժամանակ, կամ սիկառ մը վայելելու օրը։

 Եթէ մեզմէ շատերուն համար «լռութիւնը ոսկի» է ասացուածքը յարգի է, ապա այդ յարգանքին մէջ է նաեւ ժամանակի մեծ գործիքը։

Սա անշուշտ միայն անհատական հարթակի, անհատական խնդրի վիճակ մը չէ, այլ ազգովին մեզ տանջող հիւանդութիւն-ախտ մըն է, որուն սկիզբը շատ հաւանաբար երկար տարիներու անցեալէ մը կուգայ եւ կը հասնի մեզի։

 Ի սէ՜ր Աստծոյ մեր անձնական ժամանակին կողքին, մի գողնաք նաեւ ազգիս Հայոց իրական ժամանակը։

 Եթէ մեր ազգը սէր միութիւն ուզելէն ու աղերսելէն անդին պէտք ունի նաեւ վէրքերու դարմանման, ապա ամենակարեւորը այսօր ազգի ժամանակը չգողնալն է։ 

 Մանաւանդ Հայաստանի ժամանակը, որ այսօր կ՚անցնի մեծ տատանումներէ...

 Թողենք, որ Հայաստանը ապրի, մեզմէ ամէն մէկս իր գործով զբաղի, որովհետեւ մենք ազգովին ժամանակի լուրջ խնդիր ունինք։

 Մենք ժամանակին դէմ կռուելու հարց դրած ենք մեր առջեւ, որպէսզի շարունակենք մեր կեանքը այս տիեզերքին, այս հողերուն եւ այս Հայաստանին մէջ։

 Մեր ժամանակը մի գողնաք...։

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...