image

Մի գողնաք մեր ժամանակը...

Մի գողնաք մեր ժամանակը...

Թողենք, որ Հայաստանը ապրի, մեզմէ ամէն մէկը իր գործով զբաղի, որովհետեւ մենք ազգովին ժամանակի լուրջ խնդիր ունինք։ Մենք ժամանակին դէմ կռուելու հարց դրած ենք մեր առջեւ, որպէսզի շարունակենք մեր կեանքը այս տիեզերքին, այս հողերուն եւ այս Հայաստանին մէջ։

Մեր ժամանակը մի՛ գողնաք...։

 

Վերջին ժամանակներուն իրողութիւնները, անցուդարձերը եւ դէպքերն ու իրադարձութիւնները մարդուս կը ստիպեն «գոտաւորուած» նախադասութիւններով հանդէս գալ։ Խնդիրը միայն հանրութեան կողմէ ճիշդ կամ սխալ ընկալուելու հարցը չէ՛, այլ կայ շատ աւելի խորքային մօտեցում մը, որ կապ ունի լրագրութեան մէջ լողացող կամ լրագրութեամբ իր ու իր ընտանիքին հացը ճարող մարդու մօտեցումներուն հետ։

Երբ տարիներ առաջ հաւասարակշռութիւն կոչուած դրոյթին մասին կը խօսուէր, առանց նոյնիսկ դոյզն ինչ այդ խօսակցութեան ամբողջութիւնը հասկնալու կը դիմադարձէի։ Յաճախ բորբոքումով, երբեմն ջղայնութեամբ, բայց մեծ հաշուով հեգնանքով։

-Ճանս ի՜նչ հաւասարակշռութիւն,- կ՚ըսէի։ Հաւասակշռութիւնը, ո՞րն է, երբ աչքիդ առջեւ բոլոր մակարդակի արժէքները կը փլուզուին, իրենք՝ այդ արժէքներուն տէրերը մինչեւ իրենց ականջներուն ծայրը թաղուած են մեղքերու մէջ, կամ ալ տեղ մը կ՚աշխատին այդ մեղքերուն վրայ թանձր շղարշ մը նետելու...։

Հիմա օրերը փոխուած են։

Շատ բան փոխուած է մեր կեանքէն, թերեւս աւելցած են մեղքերը, ստուար դարձած են այդ մեղքերը գործողներուն թիւերը, աճած են պախարակելի երեւոյթները, բայց չկայ առաջուան մարդը, որուն ափերուն մէջ ընկերվարութեան ծաղիկ մը կար, կամ այն մարդը, որուն հետ պարտաւոր էին հաշուի նստիլ ինչ-ինչ պատճառներու բերումով։

Ո՛չ միայն անոր համար, որ ծնած-մեծցած եմ մեր ազգային կեանքին մէջ աշխոյժ մասնակցութիւն ունեցող ընտանիքի մը յարկին տակ, ո՛չ անոր համար, որ մեր ընտանիքի անդամներէն ոչ մէկը փորձած է ազգէն եկող ուղղակի թէ անուղղակի գումարներով նոյնիսկ հաց մը տուն բերել, ո՛չ ալ անոր համար, որ մեր տան բնակիչներէն ոչ մէկը փորձա-համարձակած է ընտրական ինչ-որ շարժումի մը, թեկնածուութեան մը, թաղականութեան մը համար պայքարիլ.... այլ անոր համար, որ ես շատ փոխուած եմ։

Ինքնախոստովանութիւն թող չհամարուի այս մուտքը, բայց կան որոշ իրականութիւններ, որոնց հետ անկարելի է հաշուի չնստիլ։

Կան փայլատակող օրեր ու պահեր, որոնք կը ստիպեն մարդս ընդունիլ բոլոր երեւոյթները հանգիստ խղճով, առանց տագնապելու, առանց ջղայնանալու եւ, ամենակարեւորը, խաղաղ սիրտով ու հոգիով։

Ի վերջոյ, ազգին ու ազգայինին մասին մեր խօսած պահուն՝ տագնապը, մտահոգութիւնն ու պոռթկումը, որ «ինչո՞ւ այսպէս եղաւ» կան ու դեռ ըլլալու են։ Ըլլալու են այնքան ժամանակ, որ այս արեւը կը ծագի ու ըլլալու են այնքան ժամանակ, որ մեր ազգը չի փորձեր հաւաքաբար իրականութիւններուն աչքին մէջ նայիլ։ Ու ատոր փոխարէն ամէն կերպ խաղեր տալ ու խուսանաւել, որպէսզի իր դիմաց կանգնած մարդը, զինք լսողը եւ իրեն ականջ տուողը համոզուի ու չհամոզուելով հանդերձ քաջալերէ զինք, որպէսզի նոյն սուտ ու կեղծ մօտեցումները շարունակէ ծախել։

Մեզմէ շատ շատերը կ՚ապրին հանրութեան համար, մեզմէ ոմանք կ՚ապրին ուրիշին աչքը ծակելու մարմաջով, միայն քիչերն են, որոնք կոչուած են ճիշդը տեսնելու, ճիշդը սխալէն զատորոշելու եւ, ամենակարեւորը, ճիշդին ու ճշմարիտին համար գրելու։

Բաւական երկար գրեցի այն համոզումով, որ հետս այս պահուն այս սիւնակը վայելողները, ուր ալ գտնուին անոնք՝ Պոլսոյ իմ շատ սիրած նեղլիկ թաղերուն մէջ, Նիւ Եորքներու իրենց համակարգիչին կամ ալ Հռոմի իրենց պատուհանին առջեւ, ճիշդ ընկալեն դրոյթները (թէեւ խիստ կրնան դատել, բայց հարց չէ). հասկնան գրելուս ելակէտը ու, ամենակարեւորը, մասնակցին այս ինքնախոստովանութեան։

Բաց աստի, միշտ կայ ու գոյութիւն ունի ժամանակ ըսուած ճշմարտութիւնը, որուն համար եւ որուն առջեւ գլխահակ բոլորս պարտաւոր ենք յարգել խաղի բոլոր կանոնները։

Ճիշդ այն ժամանակն է, որուն իրական ճօճանակներն ու սլաքները այսօր առողջութեան խնդիր ունին Հայաստանի մէջ, ուր արդէն կ՚ապրիմ տարիներէ ի վեր։

Մանաւանդ վերջին տարիներուն ու յատկապէս Արցախի սարսափելի պատերազմէն ու մեծ պարտութիւնէն ետք, այդ ժամանակ ըսուածը գետնի հաւասար դարձուած է։ Պատճառներուն չեմ ուզեր անդրադառնալ, սակայն միշտ ըսած եմ ու դեռ ալ պիտի ըսեմ, որ Հայաստանը ժամանակի լուրջ խնդիր ունի։ Այլ խօսքով՝ եթէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը խորապէս չգիտակցին, թէ ի՞նչ փուլի դիմաց կանգնած ենք, ապա սպառնալիքները շատ աւելիով կրնան աճիլ՝ վախերն ու մտավախութիւնները վերածելով իրական աղէտի ու կորուստներու։ Այս դիտարանէն է, որ կը նայիմ Հայաստանի ներկայ իրադարձութիւններուն, իբր այդ, առանց ոչ ոքի դէմ ըլլալու, այլ խօսքով՝ բոլորին հետ ըլլալու՝ ոչ ընդդէմ, յաջորդող տողերուն մէջ ակնարկս կը շարունակեմ կարեւորելով ժամանակի կարեւորութիւնը ու մա՛նաւանդ ժամանակի ինքնագիտակցութիւնը։

Վերեւ յիշեցի արդէն, որ այս փուլին ժամանակի լուրջ խնդիր ունինք։

Իրօք, ո՞վ կը գողնայ մեր ժամանակը։ Կա՛մ անոնք, որոնք մեր սենեակի դռները առանց մեր ուզելուն բանալով կու գան եւ կը նստին մեր մօտը, ինչքան կ՚ուզեն սպառել մեր ժամանակը։

Մեզմէ իւրաքանչիւրը ըսելիք մը ունի, կարծիք մը ունի, անհիմնաւոր հիմնաւորում մը ունի եւ բոլորին նպատակը մէկ է կարծէք. բոլորը կ՚ուզեն գողնալ մեր ժամանակը։

Անշուշտ, այդ գողերուն մէջ կան նաեւ մարդիկ, որոնք փրկութեան մը շեշտով ճամբայ կ՚իյնան, նաեւ կը խօսին փրկութեան մը բանալին ունենալու յոխորտանքով։ Սա բոլորովին այլ նիւթ է, որ կը մտնէ «Մենք այլեւս փրկիչներ չենք ուզեր» ընդհանուր պարունակին մէջ, որուն մասին կարելի է գրել այլ առիթով։ Ամենաէականը այսօր ժամանակը գողնալու, այդ գողութիւնը բռնելու մասին է, որ ո՛չ միայն օգտակար է՝ այլ այլեւս պէտքական։

Թերեւս շատ կանուխ է, որ ինչպէս գողութեան պարագային յատուկ օրէնքներ ու կանոններ սահմանուած են, բայց վստահ եմ, որ պատշաճ օրը պիտի գայ սահմանելու համար կանոն մը, որ ամէն գնով կ՚արգիլէ ժամանակի գողութիւնը։ Ժամանակի գողութիւնը մեր սենեակին, մեր ինքնաշարժներուն, քալած ատեն, պատառ մը հաց ուտելու ժամանակ կամ սիկառ մը վայելելու օրը։ Եթէ մեզմէ շատերուն համար «լռութիւնը ոսկի է» ասացուածքը յարգի է, ապա այդ յարգանքին մէջ է նաեւ ժամանակի մեծ գործիքը։

Անշուշտ, սա միայն անհատական հարթակի, անհատական խնդրի վիճակ մը չէ, այլ ազգովին մեզ տանջող հիւանդութիւն-ախտ մըն է, որուն սկիզբը շատ հաւանաբար երկար տարիներու անցեալէ մը կու գայ եւ կը հասնի մեզի։

Ի սէ՜ր Աստուծոյ, մեր անձնական ժամանակի կողքին, մի՛ գողնաք նաեւ ազգիս հայոց իրական ժամանակը։ Մեր ազգը սէր, միութիւն ուզելէն ու աղերսելէն անդին պէտք ունի նաեւ վէրքերու դարմանման, ապա ամենակարեւորը այսօր ազգի ժամանակը չգողնալն է։ Մանաւանդ Հայաստանի ժամանակը, որ այսօր կ՚անցնի մեծ տատանումներէ...

Թողենք, որ Հայաստանը ապրի, մեզմէ ամէն մէկը իր գործով զբաղի, որովհետեւ մենք ազգովին ժամանակի լուրջ խնդիր ունինք։ Մենք ժամանակին դէմ կռուելու հարց դրած ենք մեր առջեւ, որպէսզի շարունակենք մեր կեանքը այս տիեզերքին, այս հողերուն եւ այս Հայաստանին մէջ։

Մեր ժամանակը մի՛ գողնաք...։

 

Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...