Իսկ ինչ կը վերաբերի ներկայ, մեզի համար ոչ դիւրին, բարդ եւ ճակատագրական այս օրերուն։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը դրուին շատ դժուար երկընտրանքի մը առջեւ։ Ընդունի՞լ «միջազգային հանրութեան» Ղարաբաղի կարգավիճակի «նշաձողի» իջեցման աղէտալի առաջարկը թէ ժամանակ երկարաձգել եւ շուտիկութիւն չցուցաբերել։ Կ՚ ակնկալուի որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը իր բողոքը փողոց չտեղափոխէ, որու վառ օրինակը 2008-ի արիւնալի բախումներն էին։
Համոզուած ենք, խոհեմութեամբ , լրջախոհութեամբ եւ հանդարտամտութեամբ, խուսափելով զգացական ելոյթներէ, եւ յանուն ներքին կայունութեան, ի պահանջեալ հարկին ընդդիմութիւնը պէտք է յայտարարէ որ օրհասական պահին իշխանութեան հետ միասին պատրաստ է չեզոքացնել թշնամիին։ Ընդդիմութիւնը համադրուած աշխատանք պէտք է տանի իշխանութեան հետ, Վարչապետին յաւելեալ դիւանագիտական ոյժ եւ կորով տալու, որպէսզի եկող փոթորկալից բանակցային գործընթացներուն ՝մենք նուազագոյն կորուստներով երկիրը դուրս բերենք այս ճահճային վիճակէն։
Աշխարհաքաղաքական վերջին վտանգաւոր եւ անկանխատեսելի խորապատկերին ներքոյ, անսպասելի չէր նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող եւ չլուծուած հակամարտութիւններու «կարգաւորմանն» ուղղուած թէ՚ ռազմական եւ թէ՚ դիւանագիտական ճակատներու աշխուժացումը։ Արդարեւ, Ատրպէյճան օգտուելով ռուս-ուքրանիական պատերազմի պատճառով իր համար ստեղծուած պատեհ առիթէն, եւ օգտուելով այն հանգամանքէն որ Ռուսաստան եւ Արեւմուտք գերզբաղուած են Ուքրանիայով, որոշեց իր օրակարգը պարտադրել տարածաշրջանի մէջ մեծ խաղացողներուն ՝ յանձինս Ռուսաստանին եւ Արեւմուտքին, նաեւ իր ռազմավարական դաշնակից Թուրքիային։
Տարակուսանքէ վեր պէտք է նկատել որ իւրաքանչիւր խաղացող կամ միջազգային ոյժային կեդրոն կ՚ ուզէ տեսնել նախեւառաջ ի՚ր շահը եւ յետոյ հակամարտ կողմերու շահերը։ Այս իմաստով նախ պէտք յ հասկնանք թէ ի ՞նչ են իւրաքանչիւր խաղացողի ռազմավարական եւ տնտեսական շահերը տարածքաշրջանին մէջ եւ հետեւաբար անոնց ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ։ Հայաստանը առանձնացուցինք որովհետեւ 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ Հայաստան աւելի խոցելի դարձած է նկատի ունենալով իր պարտութիւնը ռազմական դաշտի վրայ եւ հետեւաբար դիւանագիտական ճակատի վրայ անոր ունեցած ոչ բաղձալի եւ մեզ համար ոչ նպաստաւոր արդիւնքները, պայմանաւորուած, (հասկնալի պատճառներով) սահմանափակ դիւանագիտական հնարաւորութիւններով եւ իրադարձութիւններուն ազատ եւ որպէս ինքնիշխան պետութիւն համարձակ քայլեր ձեռնարկելու անկարողութեամբ։
Հիմայ անդրադառնանք իւրաքաչիւր խաղացողի նպատակներուն։
Ռուսաստան։
----------------
Կասկածէ վեր պէտք է նկատել այն փաստը, որ երբ Սովետական Միութեան փլուզումով Ռուսաստան իր ռազմական ներկայութիւնը հեռացուց Կովկասէն, ապա ան ծրագիր ունէր ամէն գնով ետ վերադառնալ տարածքաշրջան, համարելով որ Կովկասը Ռուսաստանին կը պատկանի եւ ան իր ազդեցութեան գօտիի մաս պէտք է կազմէ։ Հետեւաբար, առաջին առիթը ներկայացած էր 1992-ին երբ Հայաստանի Ա. իշխանութիւնները հեռատեսութիւնը եւ խոհեմութիւնը ցուցաբերեցին կնքել ռուս-հայկական միջ-պետական պայմանագիր, հայ-թուրքական սահմանին տեղակայելով ռուսական 102-րդ ռազմախարիսխը որու նպատակն էր պաշտպանել հայ-թուրքական սահմանը որեւէ թուրքական ներխուժումէ։
Ռուսական ներկայութեան Կովկասի մէջ երկրորդ առիթը ներկայացաւ 2008-ի ամռան, երբ ռուսաստան ներխուժեց Վրաստանի ինքնիշխան տարածք եւ իրողապէս տերը դարձաւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ։
Յայտնի քաղաքագէտի այն խօսքերը, որ « այն պետութիւնը որ կը տիրանայ Ղարաբաղին, կը տիրանայ Կովկասին», կարծէք իրականութիւն դարձաւ նաեւ հայկական տարածքներու եւ մեծաթիւ հայ հերոսներու արեան գինով։ 44-օրեայ պատերազմէն ետք, ռուս բարձրաստիճան քաղաքական գործիչներու, ինչպէս Նարիշկինի եւ Շոյկույի խնդրայարոյց եւ մեզի համար ոչ նպաստաւոր յայտարարութիւնները մեծ վրդովմունք եւ ցասում յառաջացուցին հայկական հասարակական, քաղաքական, փորձագիտական եւ վերլուծական շրջանակներուն մօտ։ Նաեւ պէտք է համարձակօրէն արձանագրենք որ Ռուսաստան, հակառակ որ մեր ռազմավարական դաշնակիցը եւ անվտանգութեան երաշխաւորն է, Թուրքիային հրաւիրեց Հարաւային Կովկաս եւ միասնաբար տեղակայեցին «դիտորդական առաքելութեան կեդրոն» Աղտամի մէջ։
Տեղափոխուելով մեր օրերը եւ ի մասնաւորի Ուքրանիոյ պատերազմին հետեւած Արեւմուտքի կողմէ պարտադրուած Ռուսաստանի դէմ պատժամիջոցներուն Թուրքիոյ հրաժարումը, արդեօ ՞ք Ռուսաստանին չի պարտաւորէր որ Ռուսաստան աւելի թուրքամէտ կամ ատրպէյճանամէտ կեցուածք որդեգրէ Ղարաբաղի հարցով։ Չմոռնանք որ Ռուսաստան պաշտօնապէս յայտարարած է որ կը ճանչնայ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչպէս Վլատիմիր Փութին արտայայտուած էր իր 2020 թուականի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։ Իսկ Փետրուարին Փութինի եւ Ալիեւի միջեւ նաեւ պաշտօնապէս ստորագրուեցաւ Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի միջեւ ռազմավարական դաշնակցութեան հռչակագիր։
Թուրքիա։
------------
Ոչ նուազ կարեւորութեամբ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղացող է նաեւ Թուրքիան։ Ան պաշտօնապէս մասնակիցն էր 44-օրեայ արիւնալի պատերազմին, որու հետեւանքով եւ մեր ռազմավարական դաշնակիցի «թեթեւ ձեռքով» դարձաւ կարեւոր դերակատար տարածքաշրջանին մէջ։ Թուրքիան կը համարուի Ատտրպէյճանի ամենավստահելի ռազմավարական դաշնակիցը։ Իսկ արդեօ ՞ք մենք ունինք ՎՍՏԱՀԵԼԻ ԴԱՇՆԱԿԻՑ։ Կասկածէ վեր է այն իրողութիւնը որ Թուրքիայ իր Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը պիտի պայմանաւորէ Հայ-ատրպէյճանական այսպէս կոչուած «խաղաղութեան համապափակ պայմանագրի» ստորագրումէն ետք։ Անոր համար ալ, ինչպէս կ ՚ երեւի, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա աննախադէպ շտապողականութիւն մը մտցուցած են բանակցութիւններու գործընթացին մէջ, որովհետեւ անոնք կը գիտակցին որ Ռուսաստան-Ուքրանիա պատերազմի ելքը ոչ նպաստաւոր արդիւնք կրնայ ունենալ թուրք-ատրպէյճանական ծրագիրի իրականացման իմաստով։
Դիւանագիտական իմաստով Թուրքիայ կրցած է հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն խաղալ Արեւմուտքի եւ Ռուսաստանի միջեւ, հակառակ իր եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ եղած տարակարծութիւններուն, ան կը մնայ ՆԱԹՕ-ի ծրագիրներուն դեպի արեւելք տարածուելու եւ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը տկարացնելու արեւմուտքի կարեւոր գործիքակազմերէն մին։
ԱՄՆ եւ Եւրոմիութիւն։
---------------------------
Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, որ Արեւմուտքը չունի կամ չի հետապնդէր իր աշխարհաքաղաքական եւ աշխարհատնտեսական շահերը Հարաւային Կովկասի մէջ։ Օգտուելով ռուս-ուքրանիական պատերազմի պատճառով Ռուսաստանի գերզբաղուած հանգամանքէն եւ Ռուսաստանի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբէն մեկուսացումէն, Արեւմուտքը ձեռնարկեց իր միջնորդական առաքելութիւնը Հայ-Ատրպէյճանական կարգաւորման գործընթացին ՝ հրաւիրելով Փաշինեանին եւ Ալիեւին Պրիւքսէլ։ 44-օրեայ պատերազմի աւարտին եւ մանաւանդ 2020-ի Նոյեմբերի 9-ի եռակողմ (Հայաստան-Ատրպէյճան-Ռուսաստան) հրադադարի պայմանագրով, արդէն անպաշտօն կերպով դամբանականը կը կարդացուէր ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խումբի առաքելութեան։
Պրիւքսէլեան հանդիպումի յայտարարութեան մէջ Ղարաբաղի հարցի ոչ յիշատակման հանգամանքը ի ցոյց տուաւ այն փաստը որ Արեւմուտքը շահաքրքրուած չէր Ղարաբաղի հարցի ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքի հիման որեւէ լուծումի եւ անպաշտօն կերպով իր հաւանութիւնը կու տար Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան։ Ինչու ՞ այս մօտեցումը Արեւմուտքին կողմէ։ Շատ պարզ տրամաբանութեամբ։ Կասկածէ վեր է այն իրականութիւնը, որ Եւրոպական պետութիւններ մեծ հաշուով կախուած են ռուսական բնական կազէն եւ քանի որ Արեւմուտքը Ռուսաստանի հանդէպ պատժամիջոցներու ծիրէն ներս նաեւ մտադիր է դադարեցնել ռուսական կազի մատակարարումը դեպի Եւրոպա, ապա որպէս այլընտրանքային ոյժանիւթի աղբիւր նկատի ունի առաջին հերթին Ատրպէյճանը։
Այս իմաստով պատահական չէ որ Արեւմուտք եւս շահաքրքրուած է շուտափոյթ կերպով
հասնիլ «հայ-ատրպէյճանական համապարփակ խաղաղութեան» պայմանագրի ստորագրման։ Բացառուած չէ, նաեւ ակնկալուող Արեւմուտք-Իրան մերձեցումը այս նպատակին համար։Իսկ Արեւմուտքի գլխաւոր ռազմավարական նպատակը, նոյնիսկ անզէն աչքերով կարելի է տեսնել ՝ Ռուսաստանին դուրս շպրտել Հարաւային Կովկասէն։
Ինչպէս կ ՚ երեւի, միջազգային հանրութիւն ասոյթը բազմիմաստ եւ բազմատեսակ երանգներ եւ նպատակներ ունեցող հասկացողութիւն է։ Հասկնալի պատճառներով եւ դիւանագիտական նորմերուն համահունչ, Հայաստանի վարչապետը չէր կրնար աւելի բանալ փակագիծերը եւ հասցէականացնէր թէ Ո՞Վ Է ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ։ Նկատի առնելով վերը նշուած փաստերը եւ ստեղծուած իրավիճակները , ընթերցողին կը մնայ հետեւութիւններու եւ եզրակացութիւններու հասնիլ։
Իսկ ինչ կը վերաբերի ներկայ, մեզի համար ոչ դիւրին, բարդ եւ ճակատագրական այս օրերուն։ Հայաստանի իշխանութիւնները կը դրուին շատ դժուար երկընտրանքի մը առջեւ։ Ընդունի՞լ «միջազգային հանրութեան» Ղարաբաղի կարգավիճակի «նշաձողի» իջեցման աղէտալի առաջարկը թէ ժամանակ երկարաձգել եւ շուտիկութիւն չցուցաբերել։ Կ՚ ակնկալուի որ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը իր բողոքը փողոց չտեղափոխէ, որու վառ օրինակը 2008-ի արիւնալի բախումներն էին։
Համոզուած ենք, խոհեմութեամբ , լրջախոհութեամբ եւ հանդարտամտութեամբ, խուսափելով զգացական ելոյթներէ, եւ յանուն ներքին կայունութեան, ի պահանջեալ հարկին ընդդիմութիւնը պէտք է յայտարարէ որ օրհասական պահին իշխանութեան հետ միասին պատրաստ է չեզոքացնել թշնամիին։ Ընդդիմութիւնը համադրուած աշխատանք պէտք է տանի իշխանութեան հետ, Վարչապետին յաւելեալ դիւանագիտական ոյժ եւ կորով տալու, որպէսզի եկող փոթորկալից բանակցային գործընթացներուն ՝մենք նուազագոյն կորուստներով երկիրը դուրս բերենք այս ճահճային վիճակէն։
Գէորգ Հալէպլեան