Իսմայիլ Հանիյէ արդէն չկայ, բայց իր դէմ կատարուած մահափորձին ծալքերը… խորհուրդ խորին։ Դէպքը առաջին հերթին ծանր էր Իրանի տեսակէտէ, որուն Իսրայէլի դէմ պայքարը կը համարուի երկարաշունչ։
Այդ օրերուն, երբ «Նիւ Եորք Թայմզ» հրապարակեց Հանիյէի սպանութիւնը, զայն դարձաւ հեռավար վէճի առարկայ՝ Իրանի եւ Արեւմուտքի միջեւ։ Թերթը տեղեկացուց, որ Հանիյէ սպաննուած է իր կեցութեան սենեակին մէջ դրուած ականի մը պայթումով։ Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի՝ ականները Հանիյէի կեցութեան վայր հասած են դէպքէն երկու ամիս առաջ։ Այս կէտին պէտք է նշել, որ Հանիյէ իջեւանած էր Թեհրանի հիւսիսային շրջանի «Զահֆարանիա» բարձրամակարդակ հիւրանոցը, որուն կառավարումը յանձնուած է Իրանի «Յեղափոխութեան պահակներ»ուն։ Իսկ նոյն օրը, նոյն հիւրանոցին մէջ, Հանիյէի կեցութեան սենեակի ճիշդ կողքը կը հիւրընկալուէր նաեւ Պաղեստինի «Ճիհատ իսլամի»ի ղեկավար Զիատ Նախալէն, որ ողջ առողջ է։ Գալով Իրանի «Միհր» գործակալութեան կողմէ տարածուած տուեալներուն, Հանիյէն սպաննուած էր երկու-երեք հրթիռներու միջոցաւ, որոնց կայանքները կը գտնուէին Իրանի տարածքէն դուրս։ Վերոյիշեալ երկու վարկածները, ըստ երեւոյթին, հակադիր կողմերու միջեւ երկար ժամանակով պիտի վերլուծուին։
Անշուշտ, ուշագրաւ է, որ Հանիյէի սպանութենէն գրեթէ ժամ մը ետք Իրանի մէջ ընթացք առաւ ձերբակալութիւններու արշաւ մը, որ կրնայ դէպքին վրայ լոյս սփռել։ Ամէն պարագայի, կարեւոր հանգամանքը այն է, որ Իրանի եւ յատկապէս Թեհրանի մէջ կը շարունակեն վխտալ այդ երկրին հակառակորդներու գաղտնի սպասարկութեան գործիչները, կոչուին անոնք լրտեսներ, դիւանագէտներ կամ մասնագէտներ, բաց վէրք է այս խնդիրը Իրանին համար, որուն հետեւանքները ծանր պիտի ըլլան։
Բաց աստի, Թեհրանի մէջ 2020 թուականի նոյեմբերին նման անորոշ պայմաններու տակ սպաննուած էր Իրանի Կորիզային ուժի հայր Մոհսէն Ֆախրիզատէն, որուն մահուան մասին այսօր գրեթէ ոչինչ կը գրուի։
Իրադարձութիւնը, անշուշտ, ծանր է Իրանին համար, որովհետեւ սպաննուողը հիւրն էր այդ երկրին ու անոր ապահովութիւնը կը պատկանէր իրեն։ Իսկ այդ դէպք պատահեցաւ «Համաս»-Իսրայէլ ամենաթէժ պատերազմի ամենածանր ժամանակներուն։
Այս շիկացած մթնոլորտին մէջ պէտք է նշել, որ խորքային արմատներ ունի Իրան-Իսրայէլ պայքարը, որ երկար տարիներէ ի վեր կը շարունակուի։ Այդ պայքարը զանազան առումներով կը շարունակէ ուշադրութեան առարկան հանդիսանալ միջազգային վերլուծական կեդրոններու։
Մինչ այդ, պէտք է նշել Մերձաւոր Արեւելքէ ներս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքականութիւնը, որուն տէրն ու տիրականն է Իսրայէլը։ Տարածաշրջանի երկրորդ կարեւոր դերակատարը Իրանն է, որ կը դիմադրէ այդ քաղաքականութիւններուն, ամերիկեան մօտեցումներուն։ Այս բոլորի լոյսին տակ Իրան հանդարտ հայեացքներով կը դիտէ իր առջեւ բացուած ընդհանուր տեսադաշտը։
Իրան, որուն պետական աւանդութիւնները, անոր պատմական փորձն ու քաղաքափիլիսոփայութիւնը ծանօթ է, այս փուլին կը նախընտրէ հանդարտ խաղ մը յառաջ տանիլ։ Իրանի համար ամենաէականն ու կարեւորը ԱՄՆ-ի կողմէ ճշդուած քաղաքականութիւններուն դէմ չերթալն է։ Այս կէտին կարեւոր է ԱՄՆ-ի յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւնները, որոնց արդիւնքով Իրան ի՛նչ քայլերու պիտի դիմէ։ Թեհրան մօտէն կը հետեւի Ուաշինկթընի քաղաքականութեան ու իր սեղանին ունի մի քանի տարբերակ։ Ո՞վ ալ ըլլայ ԱՄՆ-ի յառաջիկայ նախագահը, Իրան ունի համապատասխան տարբերակներ շփուելու ու տեղէ մըն ալ շարունակելու այն բանակցութիւնները, որոնք ներկայիս ալ գոյութիւն ունին ԱՄՆ-ի հետ։
Այս կէտին, անշուշտ, հարկ է յիշեցնել, որ Իրան-ԱՄՆ նոր որակի աշխուժութիւն մը ապրած էին այն օրէն ասդին, երբ Փեքինի ուղղակի միջնորդութեամբ Թեհրան եւ Ռիատ դարձան խօսակիցներ։ Այդ ուղղութեան վրայ ալ անցեալի լարումն ու ատելութիւնը կերպով մը թուլացաւ եւ մինչեւ այսօր ալ գործակցութիւն մը կայ սիւննի եւ շիի աշխարհի երկու հզօրներուն միջեւ։ Ապա այդ ծիրէն ներս ԱՄՆ յարմար նկատեց ո՛չ թէ հարուածել Թեհրան-Ռիատ մերձեցումը, այլ առիթներ փնտռել ուղղակի երկխօսութեան սկսելու համար իրանցիներուն հետ։
Այս նիւթին շուրջ բազմաթիւ աղբիւրներ գրեցին ու յայտարարեցին, որ Թեհրան-Ուաշինկթըն խիստ գաղտնի բանակցութիւնները կ՚ընթանան Օմանի մէջ։ Այս երկխօսութիւններու հովանաւորն է Օմանի սուլթանութիւնը, որ հաւասար եւ նոյնիսկ բարեկամական յարաբերութիւններ ունի թէ՛ Իրանի եւ թէ ԱՄՆ-ի հետ։
Թէ ին՞չ տուաւ կամ ի՞նչ պիտի տան այդ բանակցութիւնները յատկապէս Իրանին համար, դեռ պարզ չէ, սակայն աւելի քան յստակ է, որ Իրանի համար այսօր գերագոյն խնդիրն է ապահովել ազատագրումը այն մեծ գումարներուն, որոնք ամերիկեան պատժամիջոցներու պատճառաւ անցած են կալանքի տակ։ Իբր այդ, Թեհրան-Ուաշինկթըն բանակցութիւնները ո՛չ միայն կը շարունակուին, այլեւ գոյութիւն ունին փոխհամաձայնութիւններու ընդհանուր պրիսմակ մը եւ Իրան այդ տրամադրութիւնները յարգելով շատ ուշադիր եւ զգօն քաղաքականութիւն մը կը վարէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ։
Մօտիկ ապագային՝ ձմեռնամուտին, անշուշտ, շատ բան աւելի յստակ պիտի դառնայ, որովհետեւ ԱՄՆ արդէն իսկ ընտրած պիտի ըլլայ իր 47-րդ նախագահը։
Սպասողական փուլը ուրեմն տակաւին պիտի երկարի ու այս ժամանակաշրջանին ալ Իրան լաւագոյնս պիտի փորձէ գործի մղել շրջանային իր ձեռքերը, որոնք տարբեր ուղղութիւններու վրայ երեւելի եւ յստակ ազդեցութեան գօտիներ ունին. սկսեալ Դամասկոսէն, անցնելով Պէյրութ ու հասնելով մինչեւ Կարմիր ծով եւ Եմէնի հուսիներ։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս