image

ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդը չէ կրցած յետաձգել Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերականգնումը

ՄԱԿ Անվտանգութեան խորհուրդը չէ կրցած յետաձգել Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերականգնումը

 

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը չյաջողեցաւ ընդունիլ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի առաջարկած բանաձեւը, որով պիտի յետաձգուէր Իրանի դէմ պատժամիջոցներու վերականգնումը։

Փաստաթուղթին աջակցութիւն ցուցաբերեցին Ալժիրը, Չինաստանը, Փաքիստանը եւ Ռուսիան։ Միացեալ Թագաւորութիւնը, Դանիան, Ֆրանսան, Յունաստանը եւ այլ երկիրներ դէմ արտայայտուած են։

ՄԱԿ-ի մամուլի ծառայութեան տուեալներով՝ բանաձեւի նախագիծը ներկայացուած էր ի պատասխան Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Միացեալ Թագաւորութեան աւելի առաջ կատարած առաջարկին՝ վերականգնելու հակաիրանական պատժամիջոցները, որոնք կասեցուած էին 2015-ի միջուկային համաձայնագրէն ետք։

Լոնտոն, Փարիզ եւ Պերլին մեղադրած են Թեհրանը՝ միջուկային զէնքի ձգտելու մէջ։ Քուէարկութեան նախօրէին ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցչի տեղակալը մեղադրած է եւրոպական եւ ամերիկեան կողմերը՝ մագլցում հրահրելու համար։

Մեծ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը յայտնած է, որ Թեհրանը չի յարգեր միջուկային զէնքի տարածման դէմ համաշխարհային դրութիւնը։ Նոյն ատեն, ան վստահեցուցած է, որ պատրաստ են դիւանագիտական կարգաւորման։

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին ըսած է, որ ստեղծուած իրավիճակը Արեւմուտքի ձախողման հետեւանքն է։ Անոր բառերով՝ Միացեալ Նահանգները դաւաճանեց դիւանագիտութիւնը, իսկ եւրոպական եռեակը՝ թաղեց զայն։