image

Վերջին ժամ. Հրդեհ Հալէպի «Մազլումեան» հիւանդանոցին մէջ. Կայ մէկ զոհ

  Վերջին ժամ. Հրդեհ Հալէպի «Մազլումեան» հիւանդանոցին մէջ. Կայ մէկ զոհ

 Այսօր երեկոյեան ժամերուն հրդեհ մը ծագած է Հալէպի «Մազլումեան» հիւանդանոցին մէջ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէնի իր աղբիւրէն։

Աղբիւրը նշեց, որ  հրդեհը հետեւանք է   թթուածինի տակառի մը պայթումին։ 

 

Ծագած հրդեհին հետեւանքով զոհուած է  բժիշկներու խնամքին տակ գտնուող հիւանդ մը, որ կը գտնուէր խտացեալ դարմանման  հիւանդասենեակներէն մէկուն մէջ, որն ամբողջութեամբ հրկիզուած է։ 

 

 Հալէպի հրշէջ մարմիններ յաջողած են արագօրէն մարել   հրդեհը եւ անոնց  ճիգերուն շնորհիւ կարելի եղած է փրկել  չորս այլ հիւանդներու կեանքը։