image

Վերջին ժամ. Երեսփոխան Ճօրճ Պուչիքեան հեռացուեցաւ «Հայկական երեսփոխանական պլոք»էն

Վերջին ժամ. Երեսփոխան Ճօրճ Պուչիքեան հեռացուեցաւ «Հայկական երեսփոխանական պլոք»էն

 Զահլէի երեսփոխան Ճօրճ Պուչիքեան հեռացուած է Լիբանանեան խորհրդարանի «Հայկական երեսփոխանական պլոք»էն։

 

 Այս մասին իմացանք ՀՅԴ ներկայացուցիչ եւ պլոքի ղեկավար Յակոբ Բագրատունիի դիմատետրեան էջէն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն գումարած է արտակարգ նիստ մը եւ քննած ներ-քաղաքական տեսարանին մէջ եղած զարգացումներն ու ստեղծուած դրութիւնը։

 Հաշուի առնելով Պուչիքեանի կեցուածքը եւ կուսակցութեան որոշումին դէմ կանգնիլը ՀՅԴ-ն ճիշդ գտած է հեռացնել Պուչիքեանը «Հայկական երեսփոխանական պլոք»էն։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Պուչիքեան չէր ենթարկուած ՀՅԴ-ի որոշումին, մասնակից դարձած է վարչապետ Միքաթիի հրաւիրած եւ հակասահմանադրական համարուած նախարարաց խորհուրդի նիստին, այդպիսով ալ տագնապ ստեղծած մէկ կողմէ ՀՅԴ-ին եւ միւս կողմէ անոր դաշնակից «Ազատ ազգային հոսանք»ին միջեւ։