image

«Վերապատուելի» կոչում՝ Պատուելի Յակոբ Աքպաշարեան

«Վերապատուելի» կոչում՝  Պատուելի Յակոբ Աքպաշարեան

 Լիբանանի Հայ Աւետարանական համայնքը հակառակ երկրին մէջ տիրող ծանրագոյն պայմաններուն կը շարունակէ իր նուիրական երթը։ Համայնքի հոգեւոր ծառայութիւնը ստանձնած  փաղանգին կը միանան  երիտասարդ անուններ ու այդպիսով ալ  նոր  աւիշ կը բերեն ծառայութեան խրամատներուն, եւ քրիստոնէական խօսքին ու մտածումին առընթեր անխախտ կերպով գործելու նուիրուած  ողջ համայնքի նուիրեալներուն։

Այս ծիրէն ներս օրերս Այնճարի մէջ Վերապատուելի կոչումը տրուած է   անցնող տարիներուն հոգեւոր ծառայութիւն բերող Պատուելի Յակոբ Աքպաշարեանին եւ այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ ՄԱՀԱԵՄ-ի դիմատետրեան էջէն։ 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք այդ առթիւ ներկայացուած   թղթակցութիւնը եւ նորանոր յաջողութիւններ  կը մաղթենք նորաօծ վերապատուելիին։

Աստուծոյ նախախնամութեամբ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւնը (ՄԱՀԱԵՄ) այս տարի անգամ մը եւս առիթ ունեցաւ իր մէկ հոգեւոր հովիւը՝ Յակոբ Աքպաշարեան, ձեռնադրելու եւ «Վերապատուելի» կոչում շնորհելու Շաբաթ երեկոյ, 3 Յունիս 2023ին, Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։ Խորհրդաւոր այս պաշտամունքը բացօդեայ կատարուեցաւ վերջերս տեղի ունեցած եկեղեցաշէնքի հրդեհին պատճառով։ Մօտ 300 հոգիի եւ գիւղի կղերական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ, Վեր. Աքպաշարեան այս իր պաշտօնավարած եկեղեցիի ժողովուրդին առջեւ իր վկայութիւնը եւ հաւատամքը արտասանեց, ՄԱՀԱԵՄի Ձեռնադրութեան Յանձնախումբի եւ Միութեան Համաժողովի վաւերացմամբ։ Եօթը Վերապատուելիներու ներկայութեամբ, Յիսուսի անունով Սուրբ Հոգիին օրհնութիւնը խնդրուեցաւ Վեր. Աքպաշարեանի համար, առաջնորդութեամբ ՄԱՀԱԵՄի Նախագահի Տեղապահ Վեր. Փօլ Հայտօսթեանի։ Յիշուեցան շնորհաւորագրեր զանազան Հայ Աւետարանական Միութիւններէ՝ ինչպէս Հիւսիսային Ամերիկայի, Ֆրանսայի, Եւրասիոյ եւ Հայաստանի, եւ նաեւ կազմակերպութիւններէ՝ ինչպէս Հայ Աւետ. Համաշխարհային Խորհուրդը, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը, եւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աւետարանական Համայնքներու Գերագոյն Խորհուրդը։ Պաշտամունքը աւարտեցաւ Վեր. Աքպաշարեանի Առաքելական Օրհնութիւնով, եւ ներկաները ճոխ հիւրասիրութեան մը մասնակցեցան։