image
Հրատապ լուրեր:

Վերամուտի Խոհեր. Յակոբ Հաւաթեան

Վերամուտի Խոհեր. Յակոբ Հաւաթեան

Լիբանանահայ  գործիչ, հրապարակախօս Յակոբ Հաւաթեան կը գրէ. 

Երկու տարի շարունակ առցանց դասաւանդման դրութեան որդեգրումէն ետք, ահաւասիկ կարելիութիւն կ՛ընձեռուի, թէեւ տակաւին ոչ ամբողջական, կրթական հաստատութիւններու դռները բանալու աշակերտութեան դիմաց:

Սակայն համեմատաբար յուսալից այս մթնոլորտին մէջ, կրթական համակարգը այսօր կը դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ` երկրին մէջ տիրող ընկերային-տնտեսական եւ առողջապահական շարունակուող ճգնաժամին պատճառով: Բնականաբար այս բոլորէն անմասն չի մնար նաեւ հայ դպրոցը: Լիբանանահայ տասնվեց վարժարաններ այսօր շրջանցելով ժամանակի բոլոր արգելքները արդէն իրենց առաջին զանգը հնչեցուցած են, եւ տակաւին գեղարուեստի դպրոցներ ու ակադեմիաներ յառաջիկայ շաբաթներուն իրենց կարգին պիտի վերադառնան դասաւանդման բնականոն հուն: Անհրաժեշտ է մատնանշել նաեւ, որ համալսարանները իրենց կարգին ուսանողութեան եւ դասախօսական կազմերու պատուաստումէն ետք սկսած են շնչել ուսանողութեամբ:

Նորակազմ կառավարութիւնը տակաւին կրթական համակարգին գծով պետութեան կողմէ ձեռնարկուելիք քայլերը չէ բիւրեղացուցած, եւ պետական վարժարաններու ցանցը կը գտնուի անորոշ կացութեան դիմաց: Նախատեսելի է, որ դասադուլերը եւ ընդհատումները այս կացութեան մէջ դառնան տիրական, մինչեւ որ կարելի ըլլայ այս օրակարգին շուրջ ունենալ ամբողջական եւ համալիր լուծման պատկերացում ու համապատասխան աշխատանքային գործընթաց:

Այս կացութեան մէջ համայնքային բոլոր կրթական կառոյցները կը գտնուին իրենց ճակատագիրը իրենց սեփական միջոցներով տնօրինելու հարկադրանքին դիմաց, որ այլապէս նոր կացութիւն չէ, եւ հայ դպրոցը մի՛շտ ալ իր պատմական առաքելութիւնը շարունակած ու արգելքները շրջանցած է համայնքի հաւաքական ճիգին ու զօրակցութեան շնորհիւ:

Այսօրուան դրութեամբ առկայ մարտահրաւէրները բազմաթիւ են.

Ա.- Ծնողներու  դիմագրաւած տնտեսական ծանր կացութիւն եւ կարիքաւոր ծնողներու թիւի աճ,

Բ.- Դպրոցներու յանձանձումի աննախընթաց դժուարութիւններ,

Գ.- Ուսուցչակազմի եւ պաշօնէութեանց ամսականներու աննախընթաց արժեզրկում,

Դ.- Վառելանիւթի, փոխադրութեան, գրենական պիտոյքներու եւ դասագիրքերու ապահովման տագնապ,

Ե.- Մարդուժի նօսրացման տեսանելի եւ մտահոգիչ կացութիւն,

Զ.- Առողջապահական նախազգուշական կենսական անհրաժեշտութիւններ:

Եւ տակաւին` մտահոգութիւններու եւ դժուարութիւններու շարքը կարելի է երկարել, սակայն այս նշուածները միայն բաւարար են, որ մենք գիտակցինք, թէ կը գտնուինք ոչ նախանձելի պայմաններու եւ իրավիճակի մէջ:

Անցնող երկու տարիներուն, շնորհիւ յարանուանական, կուսակցական եւ միութենական կառոյցներու կողմէ ի գործ դրուած մեծ ճիգերուն, եւ անշուշտ` Արամ Ա. վեհափառի եւ հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ու բարեսիրական միութիւններու համաշխարհային կառոյցներու գործօն դերակատարութեամբ ստեղծուած համահայական զօրակցութեամբ կարելի դարձաւ մեր ժողովուրդը եւ յատկապէս անոր կարիքաւոր խաւը, որ անշուշտ օրէ-օր կը բազմանայ, առանձին չձգել: Առօրեայ կենցաղային-տարրական կարիքներու կողքին նորահաս սերունդներու կրթութիւնը նաեւ արժանացաւ համապատասխան գուրգուրանքի ու հոգածութեան: Այսօ՛ր սակայն, այս մարզին գծով բոլորին պարտաւորութիւնները քառապատկուած են, եւ դպրոցական տարին իր յաջող աւարտին հասցնելու համար կը գտնուինք ծանր ու պատասխանատու յանձնառութեանց դիմաց:

Այս  յանձնառութեանց լիիրաւ ու ամբողջական կենսաւորումը մեզմէ կը պահանջէ հասկացողութիւն, համագործակցութիւն, կամք, համբերութիւն, ինչպէս նաեւ հաւաքական պատասխանատուութիւն: Երբեք մտահան պէտք չէ ընել այն բացարձակ ճշմարտութիւնը, որ համայնքի մը գոյատեւումը եւ անոր կենսունակութիւնը պայմանաւորուած են կրթական կայուն եւ ուժեղ համակարգի մը առկայութեամբ: Պատմութեան ընթացքին սփիւռքի այն գաղութները, որոնք զրկուած են կրթական այս համակարգէն, ուշ կամ կանուխ մատնուած են նօսրացման եւ չեն յաջողած ստեղծել համայնքային կազմակերպ կեանք ու այդ ճամբով պէտք եղած արդիւնաւէտութեամբ դերակատար դառնալ մեր համազգային տեսլականներու հետապնդման: Հայ դպրոցը նախ եւ առաջ ինքն է, որ նկարագիր տուած է տեղւոյն համայնքին, եւ այդ դպրոցին շուրջ ստեղծուած մթնոլորտը դարձած է հաւաքական կեանքի աշխուժացման ու զարգացման կարեւոր օղակ` եկեղեցական,  մարզական, բարեսիրական, մշակութային եւ միութենական, ինչպէս նաեւ այլ ոլորտներուն մէջ: Այսօր, երբ կ՛անդրադառնանք լիբանանահայութեան վերականգնումի կարեւոր գործօնին, հայ դպրոցը դարձեալ կու գայ կանգնելու իբրեւ առաջամարտիկ մեր հաւաքական երթին:

Վերամուտին առիթով անհրաժեշտ է, որ այս մարզին կարեւորութիւնը դարձնենք մեր ուշադրութեան կեդրոն եւ փորձենք միասնաբար երաշխաւորել հայ դպրոցի ապագան: Կրթական պատասխանատու կազմերու, տնօրէնութիւններու, ուսուցչական կազմերու եւ ծնողներու միաձոյլ եւ ամբողջական ճիգին շնորհիւ է, որ կարելի պիտի ըլլայ ակնկալել յառաջընթաց եւ դժուարութիւններու յաղթահարում:

Այսօր ժամանակը չէ դպրոցներուն միջեւ անիմաստ ու ժամանակակորուստ մրցակցութիւններու, քարոզչական անտեղի մթնոլորտներու ստեղծման, աշակերտ կամ ուսուցիչ «որսալու» տհաճ մօտեցումի, եւ վերջապէս` անտեղի վերլուծումներու, ախտաճանաչումներու եւ ուսումնասիրութիւններու: Այդ բոլորը պիտի կլանեն մեզ ոչ օգտաշատ աշխատանքով եւ դանդաղեցնեն ժամանակի դէմ պայքարելու մեր ընթացքը:

Անյետաձգելի աշխատանքի հրամայական դրուած է բոլորիս դիմաց անխտի՛ր: Հայ աշակերտը հայ դպրոցէն ոչ մէկ ատեն զրկուած է, ու նաեւ այսօ՛ր բոլորին դիմաց այդ կարելիութիւնը ձեռնտու է, սակայն ծնողքը իր կարգին պէտք է ցուցաբերէ պատասխանատուութեան գիտակցութիւն ու իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ օժանդակէ ընդհանուր գործին թէկուզ խորհրդանշական, բայց վարակիչ օրինակ դառնալով իր շրջապատին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իբրեւ բարերար եւ նուիրատու այս փուլին ի վիճակի են հայ դպրոցի կողքին կանգնելու եւ նիւթապէս աջակցելու անոր երթին:

Համայնքային եւ միութենական բոլոր պատասխանատուներէն բնականաբար կ՛ակնկալուին նոր ու յաւելեալ յանձնառութիւններ: Կրթական ասպարէզին հանդէպ բոլոր ժամանակներէն աւելի արդարօրէն կ՛ակնկալուի աւելի համապարփակ հոգածութիւն եւ գուրգուրանք: Հայ ուսուցիչի գործին ու առաքելութեան կարեւորութիւնը եւ գնահատանքը խօսքերէն անդին` գործնապէս արժեւորելը այս փուլին կը ստանայ կենսական նշանակութիւն: Փոխադարձաբար հայ կրթական մշակը  ներկայ ճգնաժամին մէջ իր ծառայողական ոգին ու կոչումի ամբողջական հաւատարմութիւնը պէտք է դարձնէ տիրական ներկայութիւն մեր կեանքին մէջ:

Այս արդար ու յուսալի ակնկալութիւններով եւ ապագայատեսիլ համոզումով բարի վերամուտ կը մաղթենք լիբանանահայութեան:

 

Նիւթը ՝ «Ազդակ»էն: