Հայաշխարհի ամպամած իրավիճակին զուգահեռ Սփիւռքի տարբեր հայագաղութներէն լուսաւոր շողեր կը հասնին։
Այսօրուան «լուսաւոր շող»ը Ֆրանսայի Լիոն քաղաքի «Հայագիտութեան ամպիոն»ի մասին է, որ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը շնորհիւ եւ կամքով հայաշխարհի մէջ իր ուրոյն անունը կերտած Վեր. Ռընէ Լեւոնեանի ճիգերով։
Օրերս ամպիոնին մէջ ուշագրաւ դասախօսութիւն մը տրուած է, որուն մասին ալ գրառում կատարած է Վեր. Լեւոնեանը։
Ստորեւ ֆրանսերէն թարգմանելով «Արեւելք»ի ընթերցողներուն հետ կը կիսուինք այդ գրառումը, նորանոր նուաճումներ մաղթելով հայութեան ջահը վառ պահող մեր բոլոր հայրենակիցներուն։
Վեր. Լեւոնեան կը գրէ՝
«Լիոնի կաթոլիկ համալսարանի (UCLY) հայագիտութեան ամպիոնը կը շարունակէ իր դասընթացները 2022-2023 թուականի տարեշրջանին համար։
Օրերս ամպիոնէն ներս դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ հմուտ հայագէտ Պատրիկ Տօնապետեան եւ ներկայացուց հայ միջնադարեան արուեստը ամենայն վարպետութեամբ: Պատրիկ Տօնապետեան միջնադարեան արուեստի պատմաբան է, Մարսէյլի համալսարանի հայագիտութեան նախկին պատուաւոր դասախօս:
Ինչ կը վերաբերի ինծի, ես հնարաւորութիւն ունեցայ ներկայացնելու «Քրիստոնէական աւանդը արեւելքի մէջ (ACO)-ի առաքելութիւն»ը Նշեմ, որ ACO-ն նոր նշած է իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Այն հիմնուած է Սթրասպուրկի մէջ 1922 թուականի դեկտեմբերին նեցուկ կանգնելու Մերձաւոր Արեւելքի հայ փախստականներուն:
Այս տարի եւս նոր թափով ու եռանդով պիտի շարունակենք մեր աշխատանքները»։