image

Վենեզուելա կը փակէ իր դեսպանատուները՝ Աւստրալիոյ եւ Նորվեկիոյ մէջ

Վենեզուելա կը փակէ իր դեսպանատուները՝ Աւստրալիոյ եւ Նորվեկիոյ մէջ

Վենեզուելան կը փակէ իր դեսպանատուները Նորվեկիոյ եւ Աւստրալիոյ մէջ՝ որպէս իր արտաքին ծառայութեան մեծ վերակազմակերպման առաջին փուլի մաս, յայտարարած է Վենեզուելայի կառավարութիւնը։

«Այս վերակազմակերպման հիմնական նպատակը պետական ​​միջոցները աւելի արդիւնաւէտ օգտագործելն է եւ մեր դիւանագիտական ներկայութեան վերաիմաստաւորումը՝ հարաւի հետ դաշինքներու ամրապնդման, ժողովուրդներու միջեւ համերաշխութեան եւ փոխադարձ զարգացման ռազմավարական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան խթանման նպատակով»,-նշուած է Վենեզուելայի Արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութիւնը հրապարակուած է Վենեզուելայի ընդդիմութեան առաջնորդ Մարիա Քորինա Մաչատոյի՝ 2025 թուականի Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակ ստանալէն երեք օր ետք։

Նշենք, որ հոկտեմբեր 10-ին Մարիա Քորինա Մաչատոն արժանացած է Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակի՝ Վենեզուելայի մէջ ժողովրդավարութիւնը վերականգնելու եւ Մատուրոյի բռնապետութիւնը վերացնելու իր ջանքերուն համար՝ այն համարելով Լատինական Ամերիկայի մէջ քաղաքացիական քաջութեան ամենանշանակալից օրինակներէն մէկը։