image
Հրատապ լուրեր:

Վեհափառի նախաձեռնած հարթակը կարելի է սպառած համարել. Լեւոն Տէր Պետրոսեան

Վեհափառի նախաձեռնած հարթակը կարելի է սպառած համարել.  Լեւոն Տէր Պետրոսեան

 

ՀՀ առաջին նախագահ՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեան արձագանգած է այսօր «Հայկական ժամանակ» թերթին մէջ հրապարակուած՝ Ատրպէյճանի պահանջներու մասին նիւթին։

«Արձագանգը վերաբերում է ՀՀ վարչապետի անձնական/ընտանեկան լրատուամիջոցի այսօրուայ հրապարակմանը, որն, ըստ էութեան, մերժողական պատասխան է ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ երկխօսութիւն սկսելու առաջարկին:

Նախագահը գնահատում է այդ հրապարակումը՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւնների ակնկալուող կարգաւորման վերաբերեալ Ատրպէյճանի պահանջների բացայայտման համար: Դա, ըստ էութեան, ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ հայ-ատրպէյճանական հաշտութեան պայմանագրի բնագրի ատրպէյճանական նախագիծը, որի մանրամասներին, ինչպէս նշուել էր ՀՀ Առաջին նախագահի սեպտեմբերի 26-ի հարցազրոյցում, մինչ այժմ տիրապետում էին միայն վարչապետը եւ իշխանութեան վերին խաւի մի նեղ շրջանակ: Նոյնպիսի նախագիծ, բնականաբար, պատրաստել է նաեւ Հայաստանը, որի մանրամասները չեն բացայայտւում, եւ ճիշդ է, որ չեն բացայայտւում՝ ելնելով քաղաքական խորհրդապահութեան նկատառումներից:

Հասկանալի է, որ նմանատիպ նախագծեր երկուստեք պատրաստւում են նաեւ հայ-թուրքական յարաբերութիւնների հաշտութեանն ուղղուած դիւանագիտական շփումների հարթակում: Այս պարագայում, անշուշտ, մեծ անակնկալներ չեն սպասւում: Հայ-թուրքական հաշտութեան պայմանագիրն, ըստ էութեան, շատ չի տարբերուելու Դաւութօղլուի եւ Նալբանդեանի միջեւ 2009թ. հոկտեմբերի 10-ին կնքուած Զիւրիխեան արձանագրութիւններից:

Այսպիսով, պէտք է արձանագրել, որ իշխանութիւնների եւ ընդդիմութեան միջեւ Վեհափառ հայրապետի նախաձեռնած հարթակի անհրաժեշտութիւնը կարելի է սպառուած համարել, ինչը, սակայն, ամենեւին չի նսեմացնում Վեհափառի յամառ ջանքերը, որոնք, սոյն արձագանգի առիթը հանդիսացող հրապարակման փաստով, արդէն իսկ տուեցին իրենց արդիւնքը:

Ի դէպ, ՀՀ Առաջին նախագահը հարկ է համարում նաեւ ընդգծել, որ Վեհափառի նախաձեռնութեան շնորհիւ տեղի ունեցաւ նշանակալից իրադարձութիւն. 1998 թուականից ի վեր՝ Հայաստանում կայացաւ առաջին լուրջ քաղաքական բանավէճը»:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ իշխանական «Հայկական ժամանակ» պարբերականը հրապարակած էր  նիւթ մը, ուր մասնաւորապէս կը նշուէին այն  պահանջները, որ Ատրպէյճան  ներկայացուցած է Հայաստանին։ 

 

Հրապարակման մէջ մասնաւորապէս կ՚ըսուէր՝ «Միջազգային եւ տարածաշրջանի լարուածութեան պայմաններուն  յաճախ իսկապէս դժուար է գոյքագրել Հայաստանէն Ատրպէյճանի յստակ պահանջները: Բայց եթէ երթանք գոյքագրման ճանապարհով կրնանք ըսել, որ Ատրպէյճանը Հայաստանէն ունի 5 հիմնական պահանջ: Անոնք հետեւեալն են:

1. ԼՂ պաշտպանութեան բանակի լուծարում:

2. ԼՂ ճանաչում Ատրպէյճանի կազմէն ներս, առանց որեւէ` նոյնիսկ ինքնավար կարգավիճակի: Այսինքն՝ 0 կարգավիճակով:

3. Միջանցք Հայաստանի տարածքով:

4. Սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթաց 1919, 1920 թուականի քարտէզներով (առայժմ յայտնի չէ, թէ ճիշդ ո՞ր քարտէզներու մասին է խօսքը):

5. Անհետ կորած ատրպէյճանցիներու ճակատագրի պարզաբանում, հնարաւոր է յետագային Հայաստանը պատերազմական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրելու միտումով:

Պէտք է հաշուի առնել, որ վերը նշուած հարցերը թուարկուած են ըստ սադրիչ գործողութիւններու հնարաւորութեան, թէ որքանով անոնք կրնան Ատրպէյճանի կողմէ օգտագործուիլ Հայաստանի դէմ նոր ռազմական սադրանքներ կազմակերպելու համար:

Սա կը նշանակէ, որ Ատրպէյճանի հետ համապարփակ խաղաղութեան հասնելու համար պէտք է հասցէագրել այս հարցերը: Հասցէագրել՝ տուեալ պարագային կը նշանակէ կամ բաւարարել պահանջները, կամ գտնել փոխզիջում, կամ Ատրպէյճանը ստիպել/համոզել հրաժարիլ այդ պահանջներէն: Կամ՝ գտնել այլ տարբերակ: Այս հրապարակումը կարելի է համարել նաեւ պատասխան Լեւոն Տէր Պետրոսեանի այն պնդման, թէ իրենք չունին ամբողջական տեղեկատւութիւն բանակցային գործընթացներուն մասին: Յաջորդիւ կ'անդրադառնանք հարցին, թէ ինչ կ'ուզէ Ռուսիան, ԱՄՆ-ը, Իրանը, ԵՄ-ը