Օրերս Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած է մեր եկեղեցւոյ շնորհաշատ հայրերէն՝ Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի ծննդեան 850-ամեակի ոգեկոչման համար ստեղծուած յանձնաժողովի հերթական նիստը։
Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Սուրբ Աթոռի մօտ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացոգչութեան դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին մասնաւորապէս կը գրէ՝
Երեքշաբթի, 21 Մարտ 2023 թուականին, Աստուածային Շնորհաց Հայոց Առաքեալ Սուրբ Ներսէս Շնորհալւոյ 850-ամեակի Ս. Աթոռի (Վատիկան) մէջ ոգեկոչման կազմակերպչական յանձնախումբի անդամները՝ Գերշ. Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան (ներկայացուցիչ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան), Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան (ներկայացուցիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան), Գերշ. Տ. Վարդան Եպս. Պօղոսեան (ներկայացուցիչ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութեան) հանդիպեցան եւ քննարկեցին յառաջիկայ աշնան Հռոմի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսութիւնները՝ գործակցաբար Ս. Աթոռի Քրիստոնէական Միութեան եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու բաժանմունքներուն։
Հետեւեալ հանդիսութիւնները կը ծրագրուին, որոնց մանրամասնութիւնները մօտ ապագային պիտի յայտարարուին․
ա․ Միջեկեղեցական արարողութիւն Ս. Պետրոս Տաճարին մէջ։
բ․ Ս. Ներսէս Շնորհալիի նուիրուած միջազգային գիտաժողով Քահանայապետական Արեւելեան Համալսարանին մէջ։
գ․ Ս. Ներսէս Շնորհալիի շարականներու հոգեւոր համերգ Սիքստինեան Մատրան մէջ։