image

Վարանդայի մէջ յայտնաբերուած է 4 նահատակի դիակ

Վարանդայի մէջ յայտնաբերուած է 4 նահատակի դիակ

 

10 Փետրուարին իրականացուած որոնողական աշխատանքներու հետեւանքով փրկարար ջոկատներն Արցախի վերահսկողութենէն դուրս գտնուող Վարանդայի (Ֆիզուլի) շրջանին մէջ յայտնաբերած են եւս 4 զոհուած զինծառայողի աճիւն: Նշանակուած է դատաբժշկական փորձաքննութիւն:

 

Այս մասին կը տեղեկացնեն Արցախի Արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն:

Որոնողափրկարարական աշխատանքներու ընթացքին մինչ այսօր յայտնաբերուած է ընդհանուր 1371 աճիւն:

Որոնումներն այսօր 3 ջոկատով պիտի իրականացուին Հադրութի շրջանին մէջ: