Իրան վճռական է «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով եւ մտադիր չէ զիջիլ, ըսուած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատի հաղորդագրութեան մէջ, որ հրապարակուած է թելեկրամեան ալիքով:
«Որպէս տարածաշրջանային տէրութիւն՝ Իրան տասնամեակներու ընթացքին ապացուցած է իր վճռականութիւնը, ինչպէս օրինակ յաղթելով Սատտամ Հուսէյնի ռեժիմի դէմ պատերազմին: Իրան յստակ ցոյց տուած է, որ ոչ մէկ արտաքին ուժ՝ ըլլայ այդ քաղաքական, թէ ռազմական ճնշում, ի վիճակի չէ թուլցնելու իր ազդեցութիւնը։
Տարածաշրջանային հաւասարակշռութիւնը խախտելու ցանկացած փորձ՝ շրջանցելով Իրանի շահերը, բախում պիտի ունենայ ուժեղ դիմադրութեան: Երկիրը կը շարունակէ պաշտպանել իր դիրքերը քաղաքական եւ ռազմավարական բոլոր հարցերուն մէջ», - նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Վերջին շրջանին Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու մամուլն կ'անդրադառնան, «Զանգեզուրի միջանցք»ին Ռուսիոյ աջակցութիւնը՝ ընդգծելով ՀՀ սահմաններու խախտման անթոյլատրելիութիւնն ու այս հարցով Իրանի կարմիր գիծերը։
Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա ճեպազրոյցին մեկնաբանած է, «Զանգեզուրի միջանցք» ի ստեղծման շուրջ տարբեր դիրքորոշումներ ունենալու պատճառով Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները:
«Լրատուական միջոցներով շրջանառուող զրպարտչական մեղադրանքներն իբրեւ թէ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական սահմաններու փոփոխութեան, ՀՀ-ի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիքներու վերաբերեալ, իրականութեան հետ կապ չունին»,- ըսած է Զախարովա: