image

Վալէրի Փէրմիաքովի Դատական Նիստին Հայկական Կողմը Ներկայ Պիտի Չըլլայ

Վալէրի Փէրմիաքովի Դատական Նիստին Հայկական Կողմը  Ներկայ  Պիտի Չըլլայ

Հայաստան-  Վալէրի Փէրմիաքովի Դատական Նիստին Հայկական Կողմը Պիտի ՉմասնակՀայաստան-   Կիւմրիի մէջ   ծանր սպաննութիւն գործած   Վալէրի  Փէրմիաքովի դատական նիստին  հայկական կողմի ներկայացուցիչներ պիտի չըլլան:  Այս մասին լուրը  կը փոխանցէ  Tert.am-ը, որ նաեւ կը գրէ, թէ    Փէրմիաքովի դատական նիստին   ոճիրին զոհ դարձած Աւետիսեաններու իրաւապաշտպանը,  անոնց   հարազատները, ինչպէս նաեւ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան եւ քննչական վարչուեան ներկայացուցիչները նիստին ներկայ  պիտի չըլլան:   Աղբիւրը այս տեղեկութիւնները ճշդած է զրուցելով  Աւետիսեաններու իրաւապաշտպան    ՝  Լուսինէ Սահակեանին հետ: Յիշեցնենք, որ անցնող Յունուարին Վալէրի Փէրմիաքով մուտք գործելէ ետք Աւետիսեաններու տունը սպաննած էր ընտանիքի    5 անդամները իսկ    անոնց    վեցամսեայ երեխան   `Սերիոժա   Աւետիսեան մահացած էր հիւանդանոցի մէջ: