Ֆրանսայի Իլ տը Ֆրանս շրջանի խորհուրդի նախագահ Վալերի Փեքրես կոչ կ'ընէ անվերապահօրէն վերադարձնելու Ատրպէյճանի մէջ պահուող 51 հայ գերիները: Վալերի Փեքրեսը շեշտեց, որ այն, ինչ 2020 թուականին կատարուեցաւ Հայաստանի հետ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախաձեռնութեամբ, կարեւոր նախազգուշացում էր Եւրոպային:
Փեքրես տեղեկացուց, որ իր երեւանեան այցի ընթացքին հանդիպումներ ունեցած է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ:
«Այդ հանդիպումներու ընթացքին խօսեցանք 2020 թուականի [44-օրեայ] պատերազմի մասին: Ես իմ լիակատար համերաշխութիւնը յայտնեցի հայ ժողովուրդին այդ դժուարին փորձութիւնը դիմագրաւած ժամանակ», ըսաւ Վալերի Փեքրեսը` յիշեցնելով, որ 2020-ի Նոյեմբերէն սկսեալ թէ՛ Իլ տը Ֆրանսը եւ թէ՛ Ֆրանսայի Ծերակոյտը շարք մը նախաձեռնութիւններ ստանձնած են Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման մասին բանաձեւերու ընդունման ուղղութեամբ:
Ըստ անոր` Ֆրանսայի կառավարութիւնը եւս յստակ ձեւակերպած է, որ այդ պատերազմին պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ Ատրպէյճանի վրայ է, ան սանձազերծած է պատերազմը Թուրքիոյ հետ միասին եւ նաեւ որոշ սուրիացի ճիհատիստներու օժանդակութեամբ:
«Կը կարծեմ, որ այն, ինչ պատահեցաւ Հայաստանի մէջ, կարեւոր նախազգուշացում էր Եւրոպային, եւ շատ սխալ պիտի ըլլար մեր կողմէ թերագնահատել անոր կարեւորութիւնը եւ մտածել, որ այդ ամէնը, ինչ կատարուեցաւ այստեղ, մեզ չի սպառնար, որովհետեւ Եւրոպայի պատմութիւնը լի է դասերով, որ վտանգները գլուխ բարձրացուցած են այն ժամանակ, երբ անոնք թերագնահատուած են», շեշտեց Իլ տը Ֆրանս շրջանի ղեկավարը: