image

Վահրամ Տէր Մատթէոսեան «Այս Տարի Թուրքիոյ Մէջ Ապրող Քիւրտերուն Մեծ Փորձութիւններ Կը Սպասեն»

Վահրամ Տէր Մատթէոսեան «Այս Տարի Թուրքիոյ Մէջ Ապրող Քիւրտերուն Մեծ Փորձութիւններ Կը Սպասեն»

«Արեւելք»ի Հարցումներուն   կը պատասխանէ պատմաբան, Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի դասախօս եւ ՀՀ ԳԱԱ Արեւելագիտութեան  ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող՝ Վահրամ Տէր Մատթէոսեան:

 

 

 -Ինչպէ՞ս կը բնութագրէք Թուրքիոյ  մէջ    գրանցուող վերջին զարգացումները:

Թուրքիան թեւակոխած  է համակարգային ցնցումներու հերթական փուլը, աւելի ճշգրիտ կ'ըլլայ ըսել, վերադարձած  է «ի շրջանս իւր»։ Տնտեսական բարձր ցուցանիշներու շնորհիւ մօտ 10-12 տարի զարգացում ապահոված «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութեան քաղաքական կայունութեան մոտելը այլեւս անկարող է քողարկել այն համակարգային խնդիրները, որոնք տարիներ շարունակ կ'եփուէին թրքական քաղաքականութեան    քուլիսներուն  ետին:Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները ցոյց կու տան, որ համակարգային խնդիրները կրնան իրենց նշանակութեամբ առժամանակ նահանջել, բայց չեն կրնար  այդպէս լուծուիլ։ Էրտողան նախաձեռնած է բարդ, ռիսքային ու բազմաքայլ քաղաքական միախառնութիւն մը, որուն  հետեւանքները դժուար է կանխատեսել։ Խաղադրոյքին մէջ դրուած է անոր քաղաքական ապագան։ Էրտողանի հիմնական խնդիրն այս պահուն այն է, որ ան չընդունիր ընդդիմութեան դիրքերու բարելաւման փաստը։ Յունիսեան ընտրութիւններու արդիւնքները ցոյց տուին, որ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմութիւնը դանդաղ, սակայն հետեւողականօրէն սկսաւ դիրքեր նուաճել։ Թրքական ընտրազանգուածին  մօտ ձեւաւորուած  են յստակ նախապատուութիւններ, փոխուած  են նախկին գերակայութիւնները, հետեւաբար Էրտողանի մեթոտները եւ քաղաքական  մօտեցումները վերանայման կարիք ունին։

  -Թուրքիոյ վարչապետը   մամլոյ ասուլիս մը տալով,  յայտարարեց, թէ   Թուրքիան  այս տագնապէն դուրս  գալու համար   պէտք  է     արտակարգ   խորհրդարանական ընտրութիւններ կ'այացնէ: Ինչքանո՞վ իրաւացի է այս  առաջարկը:

7  Յունիսի ընտրութիւններուն կրած անյաջողութիւնը, վերջին շաբաթներու անկայունութիւնը եւ արտահերթ ընտրութիւններու հաւանականութիւնը միեւնոյն քաղաքական սենարի տարբեր դրսեւորումներն են։ Արդէն ակնյայտ է, որ հակաքրտական պայքարի նոր փուլի նպատակը ոչ թէ PKK- ի   կամ «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարն է, այլ ներքաղաքական ծրագիրները եւ Էրտողանի քաղաքական հաւակնութիւնները։ Յետընտրական զարգացումները ցոյց տուին, որ Էրտողան քաղաքական գործիչը եւ իշխանութեան բաժանումը անհամադրելի են, այլ խօսքով, Էրտողանը ցոյց տուաւ, որ պատրաստ է դարձեալ փորձել ընտրութիւններուն յաղթանակ կորզել, միայն թէ իշխանութիւնը չկիսուի։ Հետեւաբար, երկիրը դէպի նոր ընտրութիւններ տանելու տարբերակը կը մնայ այն հաւանական սենարը, երբ Էրտողանը կը փորձէ վերադարձնել կորսուածը։ Իսկ արդեօք այդ մէկը հնարաւոր կ'ըլլայ, արդեօք հասարակութիւնը պատրաստ կ'ըլլայ լսել Էրտողանի եւ Տաւուտօղլուի բացատրութիւնները, թէ ինչու չկրցան հաշտութեան եզրեր փնտռել ընդդիմութեան հետ։ Էրտողանի եւ Տաւուտօղլուի, անշուշտ, եթէ վերջինս մնայ կուսակցութեան ղեկին, հիմնական բանաձեւը հնարաւոր ընտրութիւններու շեմին պիտի ըլլայ մօտաւորապէս հետեւեալը՝ «Վերականգնենք կայունութիւնը», «Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին թշնամիները երկու ամսուան ընթացքին անկայուն դարձուցին 13 տարուան  կառուցուածը» եւայլն։ Դժուար է գիտնալ, թէ ինչպիսի արձագանքի կ'արժանանան այս պնդումները։ Ես հակուած եմ կարծելու, որ եթէ Էրտողան այնուամենայնիւ որոշէ երթալ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու, ապա անոր քաղաքական յենարան հանդիսացող ԱԶԿ-ն  (AKP)կրնայ  մէկ այլ յետընթաց արձանագրել։ Խորհրդարան յայտնուած ոչ մէկ քաղաքական ուժ յետընտրական ժամանակահատուածին չդրսեւորեց անսկզբունքայնութիւն, հետեւաբար հնարաւոր ընտրութեան երթալու պարագային «անոնց ճակատը բարձր պիտի պահուի»։ Անշուշտ, քրտական HDP-ի դէմ մեծածաւալ տեղեկատուական յարձակումը անխուսափելի կ'ըլլայ, բայց յոյսով եմ, որ  HDP -ն  այդ խնդրին հակազդելու կամք ու լծակներ կը գտնէ։

 

- Թուրք- Քրտական  բախումները  (կառավարական  ուժեր ընդդէմ PKK-ի  անկանխատեսելի էին  եւ  իրենց ծաւալներով աննախընթաց: Կը կարծէ՞ք, որ այդ բախումները  կրնան տարածուիլ ամբողջ Թուրքիայով  մէկ:  Ի՞նչ  սենար կը սպասուի  Անգարայի  եւ յատկապէս Պոլսոյ մէջ:

Թուրք-քրտական բախումները, հակասութիւնները, լուռ հակամարտութիւնը եւ փոխադարձ բացառումը երբեք ալ չեն նահանջեր։ Անշուշտ եղած  են հանգիստ փուլեր, սակայն, անոնք երբեք երկարաժամկէտ ու կայուն չեն եղած։ Թուրքիոյ մէջ գերիշխող ազգայնամոլութիւնը եւ քրտական գործօնը հակոտնեայ ու անհամադրելի երեւոյթներ են։ Տարիներ շարունակ Էրտողան փորձեց մոլորեցնել քիւրտերը,  զանոնք  ներքաշելով խաղաղութեան գործընթացի մէջ, խոստանալով գրաւիչ հեռանկարներ եւ չկարենալով զանոնք կատարել ի սկզբանէ։ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ ապրող մեծաքանակ քիւրտ ազգաբնակչութեան եւ թուրքերու միջեւ բախումներու հաւանականութիւնը ինչպէս նախկին շրջանին, այսօր ալ կը շարունակէ մեծ մնալ։ Առաւել խօսուն է ընտրութիւններու քարտէզը, որ ցոյց տուաւ, որ Թուրքիոյ արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան  հատուածներուն  AKP-ն լուրջ անյաջողութիւն կրեց եւ անոր քաղաքական դիրքերը քրտաբնակ շրջաններուն մէջ էապէս խարխլուած են։

 

- ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան    Սուրուճ շրջանին մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական պայթումէն ետք ցաւակցական հեռագիր  յղեց   Թուրքիոյ նախագահին:  Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս  քայլը, տրուած ըլլալով, որ  Սուրուճի պայթումէն հիմնական  վնաս կրող կողմը քիւրտերն էին:

ՀՀ նախագահի քայլը անշուշտ դրական էր եւ տրամաբանական եւ այդ մէկը առաջին անգամ չէ, որ Թուրքիոյ մէջ ապրող ժողովուրդներուն պատուհասած դժուար պահերուն Հայաստանը կը ցաւակցի ու իր բարոյական աջակցութիւնը կը յայտնէ Թուրքիոյ։ Այս տարի Թուրքիոյ մէջ ապրող քիւրտերուն մեծ փորձութիւններ կը սպասեն, բայց հարկ է նաեւ քննարկել, թէ ինչքանով ծանրակշիռ է այն պնդումը, թէ տեղի ունեցածը բացառապէս Թուրքիոյ կառավարութեան վարած հակաքրտական քաղաքականութեան հետեւանք է։ Օճալանի  ձերբակալումէն ի վեր քրտական պայքարը տեղատուութիւն ապրեցաւ, սակայն հասկնալի էր, որ այդ մէկը ժամանակաւոր երեւոյթ էր։ Եւրոպայի եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ապրող եւ աշխատող մեծաթիւ քիւրտ քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ եւս յարմար առիթը կը սպասեն Թուրքիոյ նետած մարտահրաւէրը ընդունելու համար։ Այլ խօսքով, ներկայ բախումներուն երկուքն ալ կը սպասէին` ունենալով լրիւ այլ նպատակներ։

-Հայ- քրտական յարաբերութիւններու ֆոնին վրայ ի՞նչ  գործընթացներ   կը սպասուին: Երկու կողմերուն միջեւ ակներեւ է  վստահութեան պակասը: Դուք  իբրեւ    Թուրքիոյ հարցերու մասնագէտ ի՞նչ կ'առաջարկէք հայկական  կողմին, տրուած ըլլալով, որ քիւրտերը այսօր գետնի վրայ  կացութիւն ստեղծելու  բոլոր նախադրեալները  ունին:

Հայ-քրտական յարաբերութիւնները կը շարունակեն մնալ «թանձր մշուշով» պատուած։ Հետեւելով վերջին տարիներու անցուդարձին ինձ մօտ աւելի շատ հարցեր առաջացած  են, քան ձեւաւորուած  են՝ պատասխաններ։ Այս հարցի վերաբերեալ Հայաստանեան եւ Սփիւռքեան քաղաքական գործիչներու ու մտաւորականներու շուրջ ալ կարծես չէ ուրուագծուած այնպիսի modus-operandi մը , որ ըլլայ փոխադարձ հասկնալի։ Առկայ իրավիճակը ձեր նշած վստահութեան պակասէն անդին է, այն առաւելապէս չհասկացուածութեան խնդիր է ու յատկապէս հայութեան համար։ Ինձ մօտ ձեւաւորուած տպաւորութիւնն այն է, որ քիւրտերը հայութեան հետ կ'աշխատին քանի մը ճակատներով ու քանի մը սենարներու շուրջ, թէեւ անոնք ալ հայութեան հետ յարաբերութիւններու հարցին մէջ չունին ընդհանուր բարձրաձայնուած նպատակ, սակայն կարծես կան  ձեւաւորուած ուղղութիւններ, որոնց շուրջ տեսանելի աշխատանք կը տարուի։ Մինչդեռ հայութեան մօտ, իմ պատկերացմամբ այլ բովանդակութեան հարց կը շրջանառուի «Քիւրտերը իրականութեան մէջ ի՞նչ կ'ուզեն հայութենէն» կամ «Ինչպէ՞ս բացատրել վերջին շրջանին կատարուող քայլերու իրական նպատակը»։ Ինչպէս կը տեսնէք, նմանատիպ հարցերը կը գերակշռեն։ Հետեւաբար, հարկաւոր է այս հարցերուն պատասխաններ գտնել քանի դեռ նոր ու խորքային հարցեր չեն առաջացեր։

 

- Թուրքիոյ մէջ   ցանկացած   ծանր դէպք կրնայ իր անմիջական ազդեցութիւնը ունենալ Հայաստանի վրայ: Այս առումով, ի՞նչ են ձեր մտահոգութիւնները:

Անշուշտ, թեեւ սահմանը ֆիզիքապէս փակ է, սակայն մերօրեայ մարտահրաւէրները սահմաններ չեն ճանաչնար։ Թէեւ Թուրքիոյ տարբեր հատուածներուն մէջ կը նկատուի աննախադէպ լարուածութեան աճ, տեղի կ'ունենան բախումներ, կան մեծաքանակ զոհեր, սակայն «տոմինոյի էֆէքթ»ի հաւանականութեան այս պահուն չեմ տեսներ։  Իսկ եթէ այն ըլլայ, Հայաստանը պէտք է պատրաստ ըլլայ թէ տեսանելի ու շօշափելի մարտահրաւէրներուն, դիմակայելու համար հնարաւոր ու անհնար  բոլոր  տեսակի սադրանքներու։ Նման հաւանականութեան պարագային Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է անյապաղ քաղաքական խորհրդակցութիւններ սկսի շահագրգիռ կողմերու հետ։ Եթէ Թուրքիոյ պատուհաս դարձած քաղաքական անկայունութիւնը սահմաններէն դուրս յորդի, ապա այն կ'ունենայ անդրտարածաշրջանային հետեւանքներ, որոնց պէտք է պատրաստ ըլլալ։

 

 Հարցազրոյցը ՝ Ս. Ա.ի