Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ԱՄԷ աշխատանքային այցի շրջածիրէն ներս այցելած է Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի եւ հանդիպած Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի եւ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Ազգային Առաջնորդարանի կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութենէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Երեքշաբթի 8 Ապրիլ 2025-ի կէսօրին, Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան, ընկերակցութեամբ հոգեւոր դասուն եւ ազգայիններուն, Ապու Տապիի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս դիմաւորեց Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահ՝ Տիար Վահագն Խաչատուրեան եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը, որոնք պետական եռօրեայ այցելութեամբ կը գտնուէին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններէն ներս:
Սրբազան հայրը բարի գալուստի խօսքէն ետք ընդհանուր կէտերուն մէջ ներկայացուց Թեմի գործունէութիւնը, մասնաւորաբար կեդրոնացաւ հաւատքի պահպանութեան, հայեցի դաստիարակութեան ու մշակութային գետնի վրայ տարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանէն ներս բնակութիւն հաստատած հայ համայնքի իրավիճակին: Ան շեշտելով ըսաւ՝ « մեր գաղութի եւ Հայաստանի միջեւ հինէն ի վեր սերտ եւ ջերմ յարաբերութիւններ պահպանուած են: Մեր զաւակները օդային կամուրջով իրենց կեանքէն ներս անպակաս պահած են հայրենիքը, ոչ միայն բնակարաններ ունենալով, այլ մասնաւորաբար գործի տարբեր որորտներուն մէջ օգտակար դառնալով»:
Իր կարգին Պրն. Նախագահը ողջունեց Սրբազան հօր, հոգեւոր դասուն եւ ազգայիններուն եւ խօսելով իր այցելութեան նպատակին մասին, ան մատնանշեց զոյգ երկիրներու միջեւ տարիներու ընթացքին սերտ յարաբերութիւնները, շեշտելով որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները մեծապէս իրենց նպաստը կը ցուցաբերեն հայրենիքի տարբեր որորտներու զարգացման մէջ: Ան գոհունակութեամբ գնահատեց Ազգային Առաջնորդարանի տարած աշխատանքը:
Հանդիպման աւարտին Սրբազան հայրը յիշատակի հետեւեալ նուէրները փոխանցեց պրն. Նախագահին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին (The Armenian Church) գիրքի Ռուսերէն թարգմանուած հատորը եւ Սրբոց Նահատակաց Մայր եկեղեցւոյ օծման ոսկեայ մետալը: Իր կարգին Պրն. Նախագահը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մետալը նուիրեց Սրբազան հօր:
Դիւան Ազգային Առաջնորդարանի