image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (8)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (8)

Մեր օրերուն արեւմտահայերէնի նահանջին՝ անոր անորակ կիրարկութեան մէջ  դերակատարութիւն ունին այն ծայրայեղ քաղաքականացումը, որուն մատնուած է արդի հայը, ի մասնաւորի՝ սփիւռքահայը՝ շեղելով անոր ուշադրութիւնը լեզուական արժէքներէ,  եւ... տնտեսական տագնապը, որ մեր թերթերը կը զրկէ բաւարար՝ գոհացուցիչ  անձնակազմ ունենալէ,  ի մասնաւորի ձեռնհաս սրբագրիչներէ:

Չհաշուած տակաւին  ոմանց՝ հայերէնի իմացութեան անբաւարարութիւնը: 

Հետեւանքը կ’ըլլայ այն, որ (արեւմտա)հայերէնը ամէն օր քիչ մը աւելի    անորակ ու այլանդակ կը հրամցուի ընթերցողներուն:

                                                               *   *   *

--«Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլի ներկայութիւնը պէտք է ճշդուած պահուն վերջ գտնէ` գործադրելով զինադադարի համաձայնութիւնը («Ազդակ», 20/1/2025, էջ 1):

Այս՝ բնութեամբ տարրական նախադասութիւնը օժտուած է դերբայական դարձուածով մը՝ «գործադրելով զինադադարի համաձայնութիւնը»:

Արդ, նման կառոյցի մը մէջ դիմաւոր բայը (այստեղ վերջ գտնէ),  եւ դերբայը (այստեղ գործադրելով), կ’ունենան, պարտին ունենալ նո՛յն ենթական, որ դիմաւոր բայի պարագային  ներկայութիւնը-ն է.  կրնա՞յ այս նոյն ներկայութիւնը ենթական ըլլալ նաեւ գործադրելով  դերբային:

Կարելի՞ է իմացական այսպիսի անհեթեթութիւն մը  պատկերացնել:

Եւ միակը չէ այս:

  1.  Կայ տակաւին «հրդեհ բռնկեցաւ» բառակապակցութիւն մըն  ալ («Ազդակ», 20/11/2024, էջ 2):

                                                   *   *   *

Շատ սովորական դարձած այս ոճը վաղուց տուն-տեղ եղած է մեր մէջ եւ ատենը մէյ մը գլուխ կը ցցէ ամէն տեղ, ուր կրակ կայ եւ... հայ լրագրող կայ: Թերեւս ըսէք՝ հիմա ո՞ւր կրակ չկայ եւ ո՞ւր հայ լրագրող չկայ. աշխարհը վերածուած է մեծ հնոցի մը: Ո՞վ պիտի թագաւորէ, արդեօք,  անոր մոխիրներուն վրայ... 

Պարզ է՝ կա՛մ Փութինը, կա՛մ Թրամփը:

Իսկ զոհ գացողը միշտ պիտի ըլլայ... հայերէնը:

                                                  *   *   * 

Հիմա միասնաբար փնտռենք բռնկիլ բառին նշանակութիւնը՝ որոշելու համար, թէ ճիշդ  որքա՞ն կը ճանչնանք զայն,  եւ թէ հրդեհը կրնա՞յ բռնկիլ:

Առ այս դիմենք մեր հսկաներէն Մալխասեանին.

«Բռնկիլ  Բոց առնել,  կպչել»:

Որքա՜ն աղուոր կը բացատրէ, որքա՜ն ճիշդ  ու բնորոշ:

Բոց առնել... մենք կ’ըսենք «կրակ առնել», եւ իրապաէս ալ բռնկիլ-ը առարկայի մը կրակ առնել-ն է,   եւ անշուշտ այնպիսի առարկայի, որ կրակ չունի իր մէջ, ոչ մէկ այրումի ենթակայ  է մինչ այդ, մինչեւ... բռնկիլը:

Շատ աւելի բնորոշ է Մալխասեանի կպչել հոմանիշը, որուն բուն նշանակութիւնն է դպչիլ, բայց ահա արեւելահայերէնի մէջ կպչել-ը նաեւ կրակ առնելն է: Այս բային անցողականն  է՝ կպցնել. եւ Հայաստանի մէջ շատ սովորական է ծխախոտին համար ըսել «կպցնել», որ է տուփէն հանուած ու շուրթերուն տարուած գլանիկը բոցին մօտեցնել ու... կրակ առնել:

Կը պատահի, որ ծխողը լուցկի չունենայ  եւ գլանիկը շուրթերուն՝ մօտենայ ծխող անցորդի մը եւ խնդրէ անկէ «կպցնել», այսինքն՝ վառել  իր ծխախոտը:

Նոյնքան բնորոշ են Մալխասեանի տուած օրինակները.

--Կայծակից վառօդի պահեստը բռնկեցաւ:

--Թոնրի մէջ (մի) քիչ  նաւթ ածեց. իսկոյն թոնիրը բռնկեց:

Զի՞նչ ցուցանէ առակս:

Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ բռնկիլ բայը կը կիրարկուի միայն այնպիսի առարկայի, որ ինքնին ոչ մէկ այրումի ենթակայ է, ինչպէս  չոր վառօդը, տուփին մէջի ծխախոտը, թոնիրին  փայտը եւ նմանները, եւ որոնք ինչ-որ գործօնի մը շնորհիւ, որ կրնայ ըլլայ կայծակը, լուցկին, հրահանը կամ կրակի որեւէ  աղբիւր 

կամ արտադրիչ, որուն հետ շփուելով կը բռնկի ՝ կրակ կառնէ,  կը կպչի :

ԵզրակացութիւնԵզրակացութիւն

Հրդեհին համար չենք կրնար ըսել որ «բռնկեցաւ», ինչպէս  ըսուած է վերը:

Վասնզի հրդեհը ինքը կրակ ու բոց ըսել եւ... բռնկելու պէտք չունի:

Իսկ հրդեհը բռնկեցնող  հայագէտները պէտք ունին քիչ մը վերանայելու իրենց  գիտելիքները եւ բարելաւելու զանոնք. վերորակաւորուելո՜՜՜ւ:

Երբ բազմերախտ  մանկավարժ Գրիգոր Շահինեանի ներկայութեան խօսք ըլլար  վերորակաւորման դասընթացքի  անհրաժեշտութեան մասին, ան դառն հեգնանքով  մը  կը հակադարձէր իսկոյն.

--Թող նախ տարրական որակ մը ցուցաբերեն, յետոյ կը մտածենք... վերորակաւորման մասին:

                                                                       *   *   *

Արեւմտահայ բառարանագիրներէն միայն  հայր Պետրոս Ճիզմեճեան եւ հայր Անդրանիկ Կռանեան  շատ անցողակի ունին «կրակ առնել», որուն կից աւելցած  անիմաստ հոմանիշները խեղդած, չէզոքացուցած  են այս ճիշդ նշանակութիւնը. միւս կողմէ՝ բռնկիլ բառի օգտագործման  բացարձակապէս ոչ  մէկ օրինակ տուած են:

Իսկ Գայայեան եւ Տէր Խաչատուրեան ոչ իսկ յիշատակած են կրակ առնել-ը:

Բառարանագրային նման պայմաններու մէջ ինչպէ՞ս կարելի է ակնկալել, որ  ընդհանրապէս արեւմտահայը ու մասնաւորաբար  հայ լրագրողը բառ սորվի, բառերը ճիշդ կիրարկել սորվի ու սորվեցնէ չգիտցողին: 

Արդիւնքը մէջտեղն է:

Պեխ-մօրուք ճերմկցուցած լրագրողը չի վարանիր գրելու՝ հրդեհ բռնկեցաւ, որ համազօր է ըսելու՝ դիակը սպաննուեցաւ :

Եւ չի գիտեր, որ հրդեհը  չի՛ բռնկիր. անկը ծագի, կը յառաջանայ:

Մրցոյթ 7.

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադասէիր «Ասպարէզ»-ի հետեւեալ խորագիրը.

---Թուրքիա կարեւոր կը նկատէ Փաշինեանի՝ խաղաղութեան վերաբերող   ուղերձները:

***«Ասպարէզ»-ի հետեւեալ նախադասութենէն պէտք է ջնջուի բառ մը.

---Անգարա կը փափաքի տեսնել Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութիւնը, եւ որ այս հարցին մէջ Թուրքիա պիտի քալէ Ատրպէյճանի հետ ուս-ուսի:

***Սրբագրէ՛ հետեւեալին աւելորդաբանութիւնը.

---Բանագնացը առաջարկեց երկու տարիներով երկարաձգել խաղաղութեան ուժերու տեղակայումը:

***Գտնել ու սրբագրել «Հայրենիք»-ի հետեւեալ երկու գոհարներուն քերակա-նական աղաղակող սխալները:

---Հայաստանի մէջ կին մը բանտապետ պիտի նշանակուի, յանձինս Ծովինար Թադէոսեանի:

---Աշխատանքները պէտք է ըլլան հետեւողական այն յայտարարութիւննե-րուն, զորս  որոնք կատարուած են եւրոպական բարձրագոյն հարթակներու վրայ։

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Արազ Գոճայեան (9), Լիւսի Տէօքմեճեան (10), Համբարձում Յարթունեան (9), Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան(8), Վարդի Դանիէլեան (5), Մարք Շիրին (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (7): 

Մրցոյթ 8.

***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.

---Կ’ուղարկեն ուսուցիչներ յատկապէս այն առարկաներուն դասաւանդ-ման համար, որոնք ի սկզբանէ վստահուած են ծագումով թուրք ուսուցիչներու։

***Ջնջէ՛ հետեւեալին աւելորդաբանութիւնները.

---Նախարարը իր պաշտօնակիցին հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ յառաջիկայ փուլի առաջնահերթութիւնները:

***Հետեւեալներուն մէջ  միայն մէկական բառ փոփոխութեան կը կարօտի.

---Վարչապետը թելադրեց զերծ մնալ պառակտումէ, այլ դրական տրամա-դրութեամբ լծուիլ հայրենիքի վերակառուցումին:

---Իր հոգածութեան յանձնուած հայ մանուկներուն հոգեւոր աճումը իրեն կեանքի  առաքելութիւնը դարձուց:

---Առաջնորդ սրբազանը կը զօրակցի հրդեհներէն վնասներ կրած անձերուն:


Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com