Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը, 26 սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ պիտի հանդիպի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարներ Ճէյհուն Պայրամովի եւ Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Այս մասին յայտնած է ատրպէյճանական «Թուրան» գործակալութիւնը։
Նշուած է, որ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ, որ առաջ մղուի այն, ինչ կը համարուի խաղաղութեան բանակցութիւններու «վերջնական փուլ»։
Նախարարներ Արարատ Միրզոյեանը եւ Ճէյհուն Պայրամովն այս պահուն կը գտնուին Նիւ Եորք՝ մասնակցելու ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի քննարկումներուն:
Վաղը սպասուող հանդիպումը պիտի ըլլայ Պլինքընի երկրորդ եռակողմ հանդիպումը Միացեալ Նահանգներու մէջ իր ատրպէյճանցի եւ հայ գործընկերներու հետ՝ երեք ամսէն պակաս ժամանակահատուածին:
Վերջին անգամ դիւանագէտները հանդիպած են Ուաշինկթընի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի ժամանակ։