image

Տուրով պիտի մնայ կալանքի տակ

Տուրով պիտի մնայ կալանքի տակ

Համացանցային յանցագործութիւններու գործով հետաքննութեան ծիրէն ներս Թելեկրամի հիմնադիր Փաւել Տուրով պիտի մնայ կալանքի տակ եւս 48 ժամ: Այս մասին յայտնած է Reuters գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Փարիզի դատախազութեան յայտարարութեան։

Յիշեցնենք, որ Փաւել Տուրով ձերբակալուած է Փարիզի Լէ Պիւրժէ արուարձանի օդակայանէն բերման ենթարկուելէն յետոյ։ Ան մեղադրուած է 12 յանցագործութեան մէջ։

Տուրով մասնաւոր օդանաւով Ֆրանսա ժամանած է Պաքուէն: Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ ձեռնարկատէրը կալանաւորուած է։

Ֆրանսական լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Տուրով, որ Ֆրանսայի քաղաքացիութիւն ունի, եղած է երկրի հետախուզուողներու ցուցակին վրայ։ Նախաքննութեան հիման վրայ համապատասխան հարցումով դիմած է Ֆրանսայի անչափահասներու դէմ ուղղուած յանցագործութիւններու դէմ պայքարի վարչութիւնը։