Վերաքննիչ դատարանի դատաւոր Լուսինէ Ալավերդեանը բաւարարած է պաշտպանութեան կողմի բողոքը եւ Արթուր Սուքոյեանի նկատմամբ կիրառած է տնային կալանք:
Այս մասին յայտարարած է անոր փաստաբան Էրիկ Ալեքսանեանը։
Արթուր Սուքոյեանը Ազգային Ժողովի պատգամաւոր Լեւոն Քոչարեանի օգնականն է, որ կալանաւորուած էր Civic.am կայքի լրագրողի հետ տեղի ունեցած միջադէպի գործով։