image

Տոնեցքի մէջ վար առած են ուքրանական ԱԹՍ մը

Տոնեցքի մէջ վար առած են ուքրանական ԱԹՍ մը

Ինքնահռչակ Տոնեցքի ժողովրդական հանրապետութեան աշխարհազօրայինները ոչնչացուցած են Ուքրանիոյ ուժայիններու անօդաչու թռչող սարքը: Այս մասին յայտարարած է ինքնահռչակ հանրապետութեան ազգային միլիցի փոխտնօրէն՝ Էտուարտ Պասուրին, գրած է «ՌԻԱ Նովոսթի» գործակալութիւնը:

«Լուկանսքոյէ բնակավայրի գնդակոծութեան ժամանակ ուքրանացի գրոհայինները կը կարգաւորէին 120 մմ ականանետերու կրակը՝ օգտագործելով «Մավիք -2» անօդաչու թռչող սարքը, որ ոչնչացուեցաւ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու համակարգուած գործողութիւններու հետեւանքով»,-յայտարարած է Պասուրին:

Պասուրին նաեւ աւելցուցած է, որ ուքրանացի զինուորականները շաբաթ օր երկու անգամ խախտած են հրադադարի ռեժիմը. անոնք ականանետեր եւ փոքր զէնքեր արձակած են Տոնեցքի հիւսիսային ծայրամասերու եւ հանրապետութեան հարաւը գտնուող Լենինսքոէ գիւղի ուղղութեամբ: