image

Turkey-ի փոխարէն յետայսու Türkiye

Turkey-ի փոխարէն յետայսու Türkiye

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը օտարալեզու հարթակներու մէջ նախաձեռնած է միջազգային արշաւ Hello Türkiye («Հելօ, Թիւրքիյէ») նշանաբանով:

Արշաւին նպատակն է արտասահմանի մէջ արդիւնաւէտ եղանակով տարածել եւ ամրագրել երկրի նոր անուանումը՝ «Թիւրքիյէ»: Անգարայի մէջ կը փափաքին, որ արտասահմանի մէջ երկրի անուան Թուրքիա, Turkey, Turkei, Turquie, Турция եւ այլ տարբերակներու փոխարէն կիրառուի միայն «Թիւրքիյէ»:

«Այդ պիտի ըլլայ կարեւոր քայլ Türkiye անունը միջազգային հարթակներու մէջ ամրապնդելու ուղղութեամբ», ըսած է Էրտողանի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Ֆահրետտին Ալթընը: