Թուրքիա- Ծովակ Քէօշկէրեան այսօր արեւծագին նուաճեց Արարատ լերան գագաթը: Ան երէկ հասած էր լերան 4200 բարձրութիւնը եւ առաւօտեան կանուխ ժամերուն սկսած էր բարձրանալ նուաճելու համար լերան 5165 բարձրութիւն ունեցող Պիպլիական լերան գագաթը: : Ծովակ Քէօշկէրեանի մանկութեան օրերու երազանքը եղած է հասնիլ լերան գագաթը: Ուսանողուհիիին հիմնական քաջալերողը կը հանդիսանայ անոր յաճախած Սահակեան Լեւոն- Մկրտիչեան գոլէճի տնօրէն ՝ Պրն. Նազօ Ճէրէճեան: Նշենք, որ բազմաթիւ հայորդիներ անսալով Ծովակին եւ անոր ընկերներուն կոչին դրամական նուիրատութուններ ըրին Սահակեան Լեւոն Մկրտիչեանի այս առթիւ ստեղծուած ֆոնտին: