image

«Ծրագրել ու գործել յանուն աւելի լաւ ապագայի».Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան (Տեսանիւթ)

«Ծրագրել ու գործել յանուն աւելի լաւ ապագայի».Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան (Տեսանիւթ)

Հակառակ երկրին մէջ տիրող ծանրագոյն պայմաններուն լիբանանահայութեան «սիրտ» համարուող Պուրճ Համուտի մէջ կը կատարուին բարեկարգչական կարեւոր աշխատանքներ։ Նշենք, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Տիար Մարտիկ Պօղոսեանի անդուլ ճիգերուն եւ յարատեւ աշխատանքին շնորհիւ կարելի կ՚ըլլայ ձեռք բերել նոր     պայմանաւորուածութիւններ հասնելու համար շրջանի եւ շրջանի հայութեան բիւր կարիքներուն։

Այս առումով ալ օրերս «Արեւելք» վերահասու դարձաւ,  որ ընթացք տրուած է «Պուրճ Համուտ 2021-2031. միասին` վասն աւելի լաւ ներկայի ու ապագայի» նշանախօսքով ծրագիրի երկրորդ փուլին։

 Միջոցառումը տեղի ունեցած է Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Ֆրանսական պատկան պատուիրակութեանց ներկայացուցիչներուն միջեւ: Ձեռնարկին ներկայ եղած են Պուրճ Համուտի եւ Զալքայի քաղաքապետները, Պուրճ Համուտի թաղապետներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ, հարաւային Ֆրանսայի շրջանի նախագահ Ռընօ Միւզելիէ, Ֆրանսայի հարաւային շրջանի «Ավեթիմ»-ի ընդհանուր տնօրէն, դեսպան Ֆիլիփ Մոնիէ, Լիբանանի մէջ ֆրանսական դեսպանատան համակարգումի կցորդ Սեպասթիեն Լըսոլընիէ, Ֆրանսայի հարաւային շրջանի փոխնախագահ Ժան Փիեռ Քոլին, ՄԱԿ-ի պատկան միաւորի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հայ թէ ոչ հայ մամլոյ ներկայացուցիչներ եւ հասարակական դէմքեր:

Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճորճ Գրիգորեանի հանդիսավարութեամբ ձեռնարկը սկսաւ ֆրանսական եւ լիբանանեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ:

Ապա Ճօրճ Գրիգորեան բեմ հրաւիրեց քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանը, որ իր խօսքը ուղղէ: Անգլերէնով արտասանած իր ողջոյնի խօսքին մէջ, քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան իր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց Ֆրանսային, որ տասնամեակներէ ի վեր չի զլանար իր զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը Լիբանանին ըստ կարիքի, յանձինս նախագահ Մաքրոնի եւ առհասարակ ֆրանսական զանազան կառոյցներու անմիջական ընդառաջումին եւ օժանդակութեան զանազան մարզերուն մէջ: «Իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ ցկեանս երախտապարտ եմ այլազան մարզերու մէջ ցուցաբերուող զօրակցութեան համար», ընդգծեց քաղաքապետը: «Իբրեւ ծագումով հայ քաղաքացի, խորապէս կը գնահատենք Ֆրանսայի ցուցաբերած սկզբունքային, բարոյական կեցուածքը` Հայաստանի եւ Արցախի դէմ Ազրպէյճանի գործադրած պատերազմական ոճիրներու եւ ցեղային մաքրագործման գծով», շեշտեց ան: Այս առիթով Պուրճ Համուտի քաղաքապետը անջատաբար հասցէագրելով ֆրանսական պատուիրակութեանց ներկայացուցիչները` ողջունեց զանոնք եւ իր շնորհակալութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց անոնց ցուցաբերած զօրակցութեան եւ օժանդակութեան համար` Պուրճ Համուտին եւ առհասարակ Լիբանանին: Ապա ան անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ յամեցող ներկայի դժուար պայմաններուն եւ ցցուող աննախընթաց դժուարութիւններուն, «ուր ոմանց համար ներկայիս տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարութեանց կողմէ քաղաքային վերականգնումի ճիգերը կրնան թուիլ շեփորային ու անտեղի»: «Այսուհանդերձ, մենք խորապէս համոզուած ենք, որ որեւէ հաւաքականութեան պատասխանատու, անհատ թէ խմբակ, պարտականութիւնն ու յանձնառութիւնը ունի ո՛չ միայն լուծելու առօրեայ անմիջական հարցերը, այլեւ` ծրագրելու ու խարսխելու շրջանին ու ժողովուրդին համար աւելի լաւ ապագայի հիմերը», ըսաւ քաղաքապետը` նշելով, որ անցնող եռամեակին Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը լուրջ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէր նման ծրագիրի մը կիրարկման կառչելուն առնչութեամբ: «Սակայն մեր ֆրանսացի բարեկամները փութացին մեզ օժանդակելու ո՛չ միայն մեր հրատապ հարցերու լուծման, այլեւ` երկարաշունչ ծրագիրներու իրագործման զօրակցութեան քայլերով», աւելցուց Պօղոսեան:

Ապա յաջորդաբար ողջոյնի խօսքերով ելոյթ ունեցան Ֆրանսայի դեսպանական կցորդն ու պատուիրակութեանց ներկայացուցիչներ Ժան Փիեռ Քոլին, Ֆիլիփ Մոնիէ, եւ Ռընօ Միւզելիէ, որոնք վերահաստատեցին իրենց գլխաւորած կազմակերպութեանց եւ կառոյցներու ու առհասարակ Ֆրանսայի զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը Պուրճ Համուտին եւ առհասարակ Լիբանանին: Այս գծով ուշագրաւ էր ֆրանսացի ներկայացուցիչներու յատուկ նախանձախնդրութիւնը` շեշտելու իրենց զօրակցութիւնը նաեւ հայ ժողովուրդին` Հայաստանի թէ Արցախի մէջ, դատապարտելով Ազրպէյճանի կիրարկած հակահայ սադրանքները: Ժան Փիեռ Քոլին դրուատեց հայ ժողովուրդի շինարար ոգին ու վերականգնումի նախաձեռնութիւնները` հակառակ տիրող ծանր պայմաններուն:

Այս առիթով «Ավեթիմ»-ի նախագահ Ակնես Ռամփալ կարճատեւ տեսերիզով ֆրանսերէն պատգամ մը յղեց ներկաներուն` վերահաստատելով իր եւ ընդհանրապէս ֆրանսական կառոյցներու զօրակցութիւնն ու օժանդակութիւնը Պուրճ Համուտին եւ առհասարակ Լիբանանին: Ռամփալ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճիգերը` տիրող տագնապէն դուրս գալու գծով: