image

Ծանր ոճրագործութիւն Թէքսասի մէջ. Սպաննուած են 13 աշակերտներ (Տեսանիւթ)

 Ծանր ոճրագործութիւն Թէքսասի մէջ. Սպաննուած են 13  աշակերտներ (Տեսանիւթ)

Կը սպասուի, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն անդրադառնայ  պատահարին, իսկ Թեքսասի  նահանգապետ Կրէկ Ապոթ նշած է, որ դէպքէն անմիջապէս ետք լարուած իրավիճակ մը տիրած է շրջանին մէջ։

 

Թէքսասի  հարաւային հատուածին մէջ 13  աշակերտներ սպաննուած են, երբ շրջանի բնակիչ մը գնդացիրով մուտք գործած է  դպրոց եւ կրակ բացած աշակերտներուն ուղղութեամբ։

Այս մասին լուրը տուած է «Ալ Արապիա» կայանը նշելով նաեւ, որ դէպքին հետեւանքով զոհուած է վարժարանի ուսուցիչ մը, ինչպէս նաեւ ինքը ոճրագործ  անձը։

Կը սպասուի, որ ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն անդրադառնայ  պատահարին, իսկ Թեքսասի  նահանգապետ Կրէկ Ապոթ նշած է, որ դէպքէն անմիջապէս ետք լարուած իրավիճակ մը տիրած է շրջանին մէջ։

 

 Ամերիկեան ԶԼՄ-ներ, որ մեծապէս անդրադարձած են եղածին  նշած են, որ յանցագործութեան պատճառներուն մասին ոչ մէկ տուեալ յայտնի է։