Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն ապրիլ 28-ին պիտի մեկնի Ատրպէյճան: Այս մասին յայտարարած է Իրանի Առեւտուրի, արդիւնաբերութեան, հանքարդիւնաբերութեան եւ գիւղատնտեսութեան պալատի փոխնախագահ Հոսէյն Փիրմոազէնը։
Անոր խօսքով՝ պատուիրակութեան կազմին մէջ է մօտ 120 մարդ, այդ շարքին՝ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներ, միջխորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամներ եւ Իրանի հիւսիս-արեւմտեան չորս նահանգներու նահանգապետեր:
Ան աւելցուցած է, որ այցը կը ներառէ տնտեսական համագործակցութեան զարգացումը եւ մասնաւոր հատուածի ներկայացուցիչներու հետագայ այցերու ծրագրումը։