Ծանր պատահարի մը հետեւանքով Զախոյի հայկական համայնքի երիտասարդներէն ՝ Յակոբ Հատարեանը մահացած է։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Իրպիլի մեր աղբիւրէն։
Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Յակոբն ու իր ընկերները լեռնագնացութեան ելած են Տըհոքի Զաուա լեռը եւ բաւական բարձրանալէ ետք լեռէն իջած պահուն կորսնցուցած են իրենց տիրապետութիւնը ինքնաշարժին վրայ, որմէ ետք ալ մեքենան թաւագլոր վար ինկած է եւ պատճառ դարձած երիտասարդ հայորդիի մահուան։
Կը նշուի, որ Յակոբին հետ եղած են իր երկու տեղացի՝ արաբ ընկերները, որոնցմէ մին Յակոբին նման տեղւոյն վրայ զոհուած է։
Յիշեցնենք, որ Յակոբ որդին է Զախոյի հայկական Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի անդամ Յովսէփ Հատարեանի որդին է։