image

Ծանր Դէպք Երեւանի Մէջ. Սպաննուած Է Կարէն Վարդանեանը

Ծանր  Դէպք Երեւանի Մէջ. Սպաննուած  Է Կարէն Վարդանեանը

Յայտնաբերուած է     անցնող 18  մարտէն ի վեր անյետացած Կարէն Վարդանեանի դիակը: Այս մասին կը յայտնէ ՀՀ ոստիկանութիւնը:  Աղբիւրը այս մասին   հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով   կը յայտնէ, թէ     փորձագէտ  եւ իրաւաբան «Իրազեկ քաղաքացիների խմբաւորում»  միութեան նախագահ Կարէն Վարդանեան   ծանր ծեծի ենթարկուելէ ետք սպաննուած   է:   Անոր դին թաքնուած  եղած է   ինքնաշարժէ տնակի մը մէջ:  Դէպքին առթիւ ձերբակալուած են  Արթուր Միհրանեանն ու Գէորգ Զոհրապեանը,հետաքննութիւնը  կը շարունակուի: Նշենք, որ Կարէն Վարդանեանի մասին վերջին տեղեկութիւնը   յայտնուած էր համացանցով,   երբ ան    17  մարտին  Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններու օդակայան մուտք գործելու հաղորդագրութիւն մը հրապարակած էր: