image

Ինքնաշարժներու շղթայական արկած՝ Երեւանի մէջ. Կան զոհեր

Ինքնաշարժներու շղթայական արկած՝ Երեւանի մէջ. Կան զոհեր

Այսօր՝ յուլիսի 22-ին, մեծ, շղթայական եւ ողբերգական վթար տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ժամը 10:30-ի սահմաններուն Դաւիթ Բեկի պողոտային վրայ բախուած են «Toyota Land Cruiser», «Opel», «Mercedes», «BMW,», 2 «Nissan» եւ 2 «ԶԻԼ» մակնիշի մեքնենաները:

Ինչպէս յայտնած է shamshyan.com-ը, վթարի հետեւանքով 2 հոգի մահացած է, 2 հոգի տարբեր աստիճանի մարմնական վնասուածքնեորվ տեղափոխուած է Երեւանի տարբեր հիւանդանոցներ:

Աւելի ուշ հիւանդանոցէն ահազանգ ստացուած է, որ վիրաւորներէն մէկը, գիտակցութեան չգալով, մահացած է:

Վթարի փաստով քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։

Աղբիւրի տեղեկութիւններով՝ մեքենաներէն մի քանին եղած են կայանուած: