image

ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը եւ Լիբանանը

ԱՄՆ-ի Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը եւ Լիբանանը

ԱՄՆ- Լիբանան յարաբերութիւններուն մասին օրերս ուշագրաւ նիւթ մը հրապարակած է ամերիկահայ  (արմատներով՝ Լիբանանէն) ակադեմական գործիչ եւ դասախօս՝ Դոկտ. Սահակ Անտէքեան։ 

Նիւթը լոյս տեսած է  Պէյրութ հրապարակուող «Ալ Ժումհուրիէ» պարբերականին մէջ, եւ  անոր շահեկանութեան  համար  հիմնական մասերը հայերէնի թարգմանելով կը  ներկայացնենք «Արեւելք»ի ընթերցողաց  ուշադրութեան։

Անտէքեան մասնաւորապէս գրած է՝

«Տասնամեակներ աշխատելով օրէնքի գերակայութեան ոլորտին մէջ առանց ունենալու որեւէ որոշակի քաղաքականութին, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը (USAID) 2023-ի ապրիլին հրատարակեց կառավարութեան առաջին քաղաքականութիւնը օրէնքի գերակայութեան ծիրէն ներս օժանդակելու այլ երկիրներու: Ի՞նչ են  այս քաղաքականութեան կարեւոր կէտերը եւ ինչպէս պիտի ազդեն Լիբանանին վրայ։ 

Ըստ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան (USAID) կայքին՝ օրէնքի գերակայութեան նոր քաղաքականութիւնը կը ներառէ երեք հիմնական կէտեր.-

  1. Ընդունիլ սահմանում Օրէնքի գերակայութեան, միեւնոյն ժամանակ ընդունելով, որ օրէնքի գերակայութեան աջակցիլը շարունակական է, պէտք չէ կիսատ մնայ:
  2. Յայտարարել «մարդոց վրայ կեդրոնացող արդարադատութեան» նոր մօտեցման մասին, այսինքն՝ օրէնքին ազդեցութեան տակ գտնուող անհատը ըլլայ հիմքը քաղաքականութիւններուն, հաստատութիւններուն գործընթացներուն եւ կիրառումներուն, որոնք առնչուած են արդարադատութեան եւ յարակից համակարգերուն ու ծառայութիւններուն հետ:
  3. Առաջնահերթութիւն տալ գիտելիքին եւ ապացոյցներուն օգտագործելով տուեալները, զարգացնելու օրէնքի գերակայութեան գործունէութիւնը եւ լուծելու խնդիրները: Այսպիսով մարզել եւ զօրացնել տեղական գործօն կողմերը եւ գործընկերները, աջակցիլ արդարադատութեան մէջ առաջացած բացը լեցնելուն եւ օգնել ժողովրդավարութեան յաջողութեան: 

Ամերիկեան Միջազգային զարգացման գործակալութեան այս նոր քաղաքականութիւնը, որ արդարութիւնը մարդոց վրայ պէտք է կեդրոնանայ, կը համարուի կանոններու փոփոխութիւն այն խաղին, որ նախապէս կար, եւ անոր պատճառն է, որ գործակալութիւնը անդրադարձաւ թէ իր ջանքերը անբաւարար են հաստատելու աւելի արդար հասարակութիւններ, որովհետեւ աշխարհին մէջ կայ մօտաւոր 5,1 միլիառ անարդարութենէ տառապող անհատ: Այս տեսանկիւնէն, եւ նկատի առնելով, որ հասարակութիւնները կը փոխուին, եւ օրէնքը պէտք է քայլ պահէ հասարակութեան այս փոփոխութիւններուն, կարիքը զգացուեցաւ նոր ռազմավարութեան մը, որ մարդը՝ արդարութեան խնդրոյ առարկան, ըլլայ խնդիրին հիմքը (People-Centered Justice): Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան նոր ռազմավարութիւնը կ'արտացոլէ գործակալութեան մտածելակերպի եւ աշխատելաձեւի փոփոխութիւն, քանի որ յենակէտը ուղղուեցաւ հաստատութենականէն անհատականի, այսինքն՝ անցնիլ դատական ​​համակարգի մէջ բարդ բարեփոխութիւններէն դէպի տեղական գործօն կողմերու ընդգրկում ընդգծելու համար անհատական ​​արդարութեան առաջնահերթ կարիքները եւ նպաստելու նոր լուծումներ  գտնելու կամ բարեփոխելու առկայ իրաւական միջոցները, դնելով տուժող անձը -անկախ անոր գործի բնութենէն, քաղաքացիական է, քրէական կամ վարչական- հիմքը քաղաքականութիւններուն, հաստատութիւններուն գործընթացներուն եւ կիրառումներուն, որոնք առնչուած են արդարադատութեան եւ յարակից համակարգերուն ու ծառայութիւններուն հետ:  

Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան քաղաքականութիւնը կը կարեւորէ նաեւ պայքարը փտածութեան դէմ, որ կը սպառնայ օրէնքի  գերակայութեան: Ի դէպ փտածութիւն բառը նշուած է 12 անգամ նոր քաղաքականութեան փաստաթուղթին մէջ: 

Վերոնշեալ բոլոր կէտերը տեսականօրէն գեղեցիկ եւ իտէալական են։ Բայց եկէք դնենք զանոնք լիբանանեան եւ տեղական պարունակին մէջ: Լիբանանի պարագային թէ՛ սկզբունքային եւ թէ՛ բովանդակային առումներով մեծ հակասութիւն կայ ամերիկեան գործակալութեան ըրածին Լիբանանի մէջ եւ ըսածին 2023-ին յայտարարած փաստաթուղթին մէջ փտածութեան դէմ պայքարելու առնչութեամբ:  

2013-ին հրապարակուած «Վերնախաւի ռազմավարութիւնները եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը եւ համայնքային ինքնութիւնները Լիբանանի մէջ պատերազմէն ետք» խորագիրով գիտական յօդուածի մը մէջ, հեղինակներ  գիտաշխատողներ՝ դոկտ. Ժանին Քլարք եւ դոկտ. Պասիլ Սալլուխ կը գրեն, որ քաղաքական խաւը եւ քաղաքացիական հասարակութիւնը Լիբանանի մէջ նոյն մետաղադրամի երկու երեսներն են, եւ անոնք օրկանապէս կապուած են իրարու, անոնք փոխն ի փոխ կ'իրականացնեն իրենց դերերը, «համայնքի վերնախաւերը կը ներթափանցեն քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններէն  ներս, կը պաշարեն կամ կը համագործակցին, ինչպէս նաեւ կ'ընդլայնեն իրենց յաճախորդներու ցանցերը, ներառելով քաղաքացիական հասարակական այն կազմակերպութիւնները, որոնք կը ջանան յարաբերութիւններ մշակել համայնքներուն, քաղաքական ձեւաչափերուն հետ, եւ կամ բացայայտօրէն մարտահրաւէր կը կարդան համայնքային համակարգի դէմ»:

Հետեւաբար, քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու մեծ մասը, որոնք սովորաբար նուիրատուներուն տեղական գործընկերներն  (local partners)  են եւ կը ստանան նիւթական օգնութիւն զարգացման ծրագիրներ իրականացնելու համար, կապուած են այն քաղաքական եւ համայնքային խաւին հետ, որու դէմ կ'ուզէ պայքարիլ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան քաղաքականութիւնը փտածութեան դէմ պայքարելու կոչին տակ: Ուստի, Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան 2023 թուականի նոր քաղաքականութեան լուրջ բնոյթ տալու նպատակով, նաեւ հանրութեան մէջ անոր նկատմամբ վստահութիւն սերմանելու համար գործակալութիւնը պէտք է մանրամասն քննէ ենթադրեալ ծրագիրներուն վրայ ծախսուած գումարները եւ վերանայի իր եւ տեղական իշխանութիւններուն, յատկապէս քաղաքացիական հասարակութեան միութիւններուն միջեւ գործընկերութեան պայմանագիրները ամենայն թափանցիկութեամբ եւ առարկայականօրէն վստահ ըլլալու, որ այդ միութիւնները չեն ենթարկուիր լիբանանեան այն դասակարգին, որ ամբաստանուած է փտածութեամբ,  որպէսզի այս փտած խաւը չօգտագործէ ամերիկացի քաղաքացի հարկատուներու գումարները քաղաքականապէս զօրանալու իր համայնքներուն մէջ խրախուսելով քաղաքական միջնորդութիւնները, որոնց դէմ  Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան քաղաքականութիւնը կը պայքարի եւ կը ջանայ վերացնել զանոնք, ինչպէս նշուած է 2023 թուականի փաստաթուղթին մէջ»։

 

 «Արեւելք»ի համար արաբերէնէ թարգմանեց՝ Թ.Գասպարեան