image

Կրօնական բնոյթով եռօրեայ սեմինար՝ Քեսապի մէջ. Մասնակից էին Կիրակնօրեայ վարժարանները եւ Together կազմակերպութիւնը

Կրօնական բնոյթով եռօրեայ սեմինար՝ Քեսապի մէջ. Մասնակից էին Կիրակնօրեայ վարժարանները եւ Together կազմակերպութիւնը

Քեսապի մէջ տեղի ունեցած է եռօրեայ սեմինար՝ Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերուն։

Սեմինարը իրականացուած է հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին եւ համագործակցութեամբ՝ «together» հաստատութեան։

Այս մասին «Արեւելք» կը տեղեկանայ Բերիոյ Թեմի դիմատետրեան էջէն, որ այս մասին կը գրէ՝

Հովանաւորութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանին, համագործակցութեամբ՝ «together» հաստատութեան, 16, 17 եւ 18 Յուլիս 2024-ին, Քեսապի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ եռօրեայ սեմինար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հալէպի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցչական կազմերը եւ ուսուցիչներուն օժանդակող պատանիներ, գլխաւորութեամբ՝ կիրակնօրեայ դպրոցներու հոգեւոր պատասխանատուներ՝ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանին, Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեանին եւ Արժ. Տ. Զարեհ Քհնյ. Շաքարեանին։

Սեմինարի յայտագիրին ընդհանուր նիւթերն էին՝ «Ճանչցիր Անձդ», «Ի՞նչ կը նշանակէ աշակերտիլ», «Ներքին աճում», «Դաւիթ եւ Գողիաթ» եւ «Առատաձեռնութիւն Ա. եւ Բ.», որոնք ներկայացուց «together» հաստատութեան Սուրիոյ պատասխանատու տիար Յակոբ Յակոբեան։ Մասնակիցները զրոյցով եւ հաճելի խաղերով իրարու հետ հաղորդակցելու առիթ ունեցան։

Սեմինարի ընթացքին, հոգեշնորհ հայր սուրբն ու արժանապատիւ քահանայ հայրերը կատարեցին խորհրդածութիւններ, որոնք նոյնպէս առիթ հանդիսացան հոգեւոր նիւթերու շուրջ խոկալու եւ ներքնապէս առաւել զօրանալու։

Մասնակիցները զանազան առիթներով շարականներ եւ կիրակնօրեայ դպրոցէն ներս երգուող հոգեւոր երգեր երգեցին։ 

Սեմինարին յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ շրջապտոյտներ։ Մասնակիցները ճոպանուղիով շրջապտոյտ մը կատարեցին, ապա անոնք Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցան եկեղեցական արարողութեան եւ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած։ Անոնք այցելեցին նաեւ Գարատուրանի ծովը եւ վայելեցին Քեսապի աստուածատուր բնութիւնը։

Եռօրեայ սեմինարի շահեկան յայտագիրով հոգեպէս լիցքաւորուած մասնակիցները վերադարձան իրենց քաղաքները՝ վերանորոգ թափով շարունակելու իրենց վստահուած առաքելութիւնը։