image

Երեւանի մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմական նոր կեդրոն պիտի կառուցուի

Երեւանի մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմական նոր կեդրոն պիտի կառուցուի

Երեւանի մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ թեմական նոր կեդրոն պիտի կառուցուի։

Այս մասին յայտարարած է Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ երեւանեան-հայկական թեմի ժամանակաւոր կառավարիչ, Փոտոլսքի եւ Լիւպերեցքի արքեպիսկոպոս Աքսիյը:

«Այժմ մենք կը սկսինք թեմական նոր կեդրոնի կառուցման գործընթացը։ Այն երկարատեւ է, յոյսով եմ՝ ամէն ինչ պիտի ստացուի։ Ամէն ինչ կախուածէ մեր համագործակցութենէն եւ աշխատանքէն»,- նշած է արքեպիսկոպոսը։

Երեւանի մէջ Ռուսական տան մէջ կայացած հանդիպմանը ներկայ եղած են ռուս հայրենակիցներու «Բարութեան ուղի» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պերեզովսքին եւ Լեռնային Ղարաբաղի ռուսական համայնքի ղեկավար Ալեքսանտր Պորտովը, որ Լեռնային Ղարաբաղի առաջին ուղղափառ եկեղեցւոյ մասին ալպոմ նուիրած է հիւրին։

Արքեպիսկոպոս Աքսիյն ընդգծած է նման միջոցառումներու կարեւորութիւնը միջմշակութային եւ հոգեւոր երկխօսութեան զարգացման համար՝ նշելով, որ Ռոսսոթրուտնիչեսթվօն կարեւորագոյն դեր կը խաղայ երկու ժողովուրդներու հոգեւոր հիմքերու եւ պատմական աւանդոյթներու պահպանման, ինչպէս նաեւ համայնքներու միջեւ փոխգործակցութեան խորացման գործին մէջ: