image

Ցաւալի լուր Հայ Կաթողիկէ համայնքէն. Անակնկալ մահով կեանքէն հեռացած է ՀԿՄ-ի նուիրեալ անդամներէն՝ Վարուժ Ժամկոչեանը

Ցաւալի լուր  Հայ Կաթողիկէ համայնքէն. Անակնկալ մահով կեանքէն հեռացած է  ՀԿՄ-ի նուիրեալ անդամներէն՝  Վարուժ Ժամկոչեանը

Ցաւալի լուր ստացանք Պէյրութէն։

Աշխատանքային պայմաններու բերումով  Սէուտական Արաբիա ապրող Վարուժ Ժամկոչեան սրտի տագնապի հետեւանքով մահացած է՝ ցաւ պատճառելով ընտանիքին, հարազատներուն, ինչպէս նաեւ  Հայ Կաթողիկէ Միութեան Լիբանանի մարմնի իր ընկերներուն։

Հանգուցեալին հարազատները «Արեւելք»-ին տեղեկացուցին նաեւ, որ Վարուժ 59 տարեկան էր, հայր էր երկու զաւակներու։ 

Ընտանիքի  նուիրեալ  հայր ըլլալով՝ Վարուժ ստիպուած եղած էր ժամանակաւորապէս հեռանալ Լիբանանէն եւ  աշխատիլ Սէուտական Արաբիոյ մէջ։

Ան երկար տարիներ եւ անշահախնդիր կերպով գործած էր ՀԿՄ-ի շարքերուն  մէջ՝ դառնալով հաւատարիմ ու սիրելի մէկ գործակիցը Հայ Կաթողիկէ սիրուած  միաբաններէն, «Մասիս» թերթի երկարամեայ խմբագիր՝  Հայր Անդրանիկ վրդ. Կռանեանին։

Վարուժի մահը կը սգան նաեւ Պէյրութի ՀԿՄ-ը, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը, անոնք հրապարակած են մահագրութիւններ։

Վարուժ Ժամկոչեանի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կատարուի Պէյրութի մէջ, անոր մարմինը պիտի ամփոփուի Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ  գերեզմանատան մէջ։

Այս տխուր առթիւ մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յղենք հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն եւ ի մասնաւորի լիբանանահայ յարգուած կրթական մշակ ու ներկայիս ԱՄՆ հաստատուած Տիկն. Ռիթա Պոյաճեանին։