image

Հայերէնը կը զուարճանայ (179)

Հայերէնը կը զուարճանայ (179)

1. Շնորհաւորենք Նարէ Գալեմքէրեանը («Ազդակ», 28/6/2024)  եւ «Յուսաբեր»-ը (29/6/2024)  «անօդաչու սարք» բառակապակցութեան ճիշդ գործածութեան համար՝ փոխանակ  «անօդաչու թռչող սարք» սխալ ու ծանծաղ տարբերակին:

2.Անառակ որդին

Իբրեւ հայ քրիստոնեայ՝ անշուշտ բոլորդ ծանօթ էք Ղուկասի այս գեղեցիկ պատմութեան, որուն առաջին տողերը (ԺԵ/11-12)  կ’ըսեն.

--Առն միոջ էին երկու որդիք... «Մարդ մը երկու որդի ունէր»

--Ասէ կրտսերն ի նոցանէ ցհայրն...  «Անոնցմէ կրտսերը կ’ըսէ հօրը»

--Տո՛ւր  ինձ բաժին,  որ անկանի յընչիցդ... «Տո՛ւր  ինծի այն բաժինը, որ կ’իյնայ  քու  ինչքէդ»

--Եւ նա բաժանեաց նոցա զկեանսն... «Եւ ան բաժնեց անոնց......»

Եթէ բառացի թարգմանենք վերջին տողը, ապա  միամտաբար պիտի ստանանք՝ «Եւ ան բաժնեց անոնց իր... կեանքը»:

Եւ... յապուշ պիտի կրթինք: Է՜հ, ամէն պատճառ ալ կայ ապշելու, վասնզի  ինչպէ՞ս կարելի   է բաժնել... կեանքը:

Այս ապշութիւնը կը տեւէ, մինչեւ որ բանանք  «Նոր հայկազեան»-ը, ուր ի յայտ կու գայ, որ մեր հեռաւոր նախնիներուն համար կեանք կը նշանակէր նաեւ՝ «գոյք, ստացուածք, ինչք, ապրուստ, թրքերէն՝ վարլըգ՝  ունեցուածք, հարստութիւն»:

Որո՞ւ միտքէն կրնար անցնիլ: Եւ կու տայ բնագրային օրինակներ.

--Եկեր զկեանս քո ընդ պոռնիկս:

«Հարստութիւնդ պոռնիկներու հետ կերար/վատնեցիր»:

--Զամենայն զկեանս իւր, զոր ունէր, արկ:

«Ամբողջ հարստութիւնը, որ ունէր, ձեռքէ հանեց/կորսնցուց»

Ուրեմն հօրը բաժնածը՝ իր հարստութիւնն էր, ժառանգի այն բաժինը, որ կ’իյնար, այսինքն՝ կը հասնէր  զաւակներուն. այստեղ՝ ի մասնաւորի կրտսերին:

                                                                  *   *   *

Հատուածը յատկանշական է  այլապէս եւս. մեր թարգմանիչները հետեւողականօրէն խուսափած են կրկնաբանութենէ.  զաւակը կը պահանջէ  ինչքը  (յընչիցդ), հայրը կը բաժնէ կեանքը (զկեանսն):

Այլ խօսքով՝ հօրը համար չ’ըսեր՝ «բաժանեաց զինչս», որ կրկնութիւն պիտի ըլլար, այլ զկեանսն՝  կը փնտռէ հոմանիշ մը՝ խուսափելով կրկնութենէ:

Կրկնաբանութենէ խուսափումը մնայուն մտասեւեռումը եղած է մեր մատենագիրներուն՝ բոլորին ա՛նխտիր: Ասկէ առաջ գրած եմ այս մասին, սակայն պիտի չվարանիմ  անգամ մը եւս անդրադառնալու  այդ իրողութեան, որ  այնքա՜ն սիրելի բնաբան մըն է ինծի համար եւ  որ այնքա՜ն մաշած  է մեր օրերուն:

  1. Հաւկիթ եւ ձու

Ծանօթ իրողութիւն է, որ մեր երկու բարբառները յաճախ տարբեր եզրերով կը բնորոշեն նո՛յն հասկացութիւնը. այսպիսիներէն է հաւկիթ-ձու զոյգը.

--արեւմտահայը  ընդհանրապէս կ’ըսէ հաւկիթ,

--արեւելահայը  ընդհանրապէս կ’ըսէ ձու

Եւ  այս պարագային շատ աւելի ուղղափառ են արեւելահայերը. օրինակ՝ արեւմտահայը չի վարանիր ըսելու՝ ոջիլի հաւկիթը, ձուկին հաւկիթները եւ նման բաներ հոն, ուր արեւելահայը պիտի ըսէր... անիծ, ձու  եւ ան արդար-օրէն պիտի ծիծաղէր մեր վրայ. արդարեւ, ոջիլը կամ ձուկը ինչպէ՞ս կրնան հաւկիթ՝ հաւու  կիթ ունենալ... Արեւմտահայուն վառ միտքը չի վարանիր շատ ուրիշ բաներ ալ  փչելու. այսպէս՝ բադին հաւկիթը, սագին հաւկիթը,  այլեւ՝ ոչխարին հաւկիթները... այո, ասոնք բոլորը ան կը դիտէ հաւուն պրիսմակէն ու ըստ այնմ կ’անուանէ զանոնք: Ան չի վարանիր տակաւին  հպարտութեամբ գովաբանելու մարտաշունչ ընկեր մը, որ... «առիւծի հաւկիթներ» ունի, հապա՞՞՞:

Մինչ  արեւելահայուն  համար  հաւկիթը՝  մի՛այն հաւէն ստացուած կիթը  կամ կութն է, մնացեալ բոլորին ունեցածը  ան կ’անուանէ ձու

Եւ ահա օրերս հայրենի մամուլը հրատարակեց այստեղ  բերուած շատ յատկանշական նկարը՝ հետեւեալ մակագրութեամբ. «Հաւկիթի մեծութեամբ կարկուտ Լոռու մարզում»:

Այլ խօսքով՝ ան չգործածեց ձու եզրը, քանի կարկուտին հատիկները կը բաղդատէր ճի՛շդ հաւուն կիթով   կամ կութով, հաւուն... ձուով

4. Արտայայտութիւն անել

Այսուհանդերձ միշտ չէ, որ արեւելահայը կը խնամէ իր լեզուն. ի մասնաւորի... «Արմենպրես»-ը.  արդարեւ, հրամեր էք՝

--«Վարչապետը այցելել է Սիւնիք, որի ընթացքում առաջին անգամ արել է  բաւականին ուշագրաւ արտայայտութիւն...» (18/6/2024):

Դուք  հանդիպա՞ծ էք խելքը գլուխը հայու մը, որ ըսէ՝ «արտայայտութիւն անել»  կամ «արտայատութիւն ընել». հայերէ՞ն է այս կամ թէ  լեզո՞ւ է:

—Ո՛չ մէկն է, ո՛չ միւսը.  Արմենպրեսերէն է այս, որ մաս կը կազմէ այն հերթական ձաբռտուքին, որ սովոր է ան ձրի բաշխելու ընթերցողներուն:

Եւ տակաւին միայն բառային մակարդակի չէ սայթաքումը. կայ քերականակա՛նը եւս. «որի ընթացքում»,— այս բառակապակցութիւնը կ’ենթադրէ գոյական յարմար յարաբերեալ մը գլխաւոր նախադասութեան մէջ, իսկ այդպիսի բառ չկայ գլխաւորին մէջ, այսինքն չկայ բառ մը, որուն ընթացքին արուէր ինչ-որ բան մը: Ուրիշ  պիտի ըլլար, եթէ ըսած ըլլայինք.

--Վարչապետը  այցելութիւն է տուել Սիւնիք, որի ընթացքում...

Այսինքն՝  այցելութեան ընթացքում:

5. Խնայենք հայերէնին.

--Այդ օրուընէ սկսեալ սկսայ վարել հայկական երգչախումբեր («Արարատ»): 

  Այդ օրէն սկսայ վարել հայկական երգչախումբեր:

Մրցոյթ 176.

***Կէտերը փոխարինէ  էր  կամ էին բայերէն մէկով:

---Մեզի համար, ի հարկէ, խանդավառ մթնոլորտն ու նուէրներու առատութիւնն էր կենսականը:

***Դի՛ր կէտադրական յարմար նշանը կէտերուն փոխարէն:

---Թորոսը, Մարկոսը, Կիրակոսը՝   բոլորը դարձան  համայնքի  նեցուկը:

***Հետեւեալին մէջ աւելցուր միայն բառը.

---Վարչակարգը բռնաճնշումներ գործադրելով միայն կը յաջողի  պահել  իշխանութիւնը:

***Ինչպէ՞ս պիտի ըսէիր դուն հետեւեալը.

---Համակարգը  լծուած է ծառայելու պարզապէս  մէ՛կ անձի՝ վարչապետին:

***Սրբագրէ հետեւեալին չորս  սխալները.

---Բանագնացի մեկնումէն ետք Հզպալլա վերսկսաւ իր հրթիռակոծումները

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (6), Համբարձում Յարթունեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (6,5), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (7),  Պերճ Տէր Սահակեան (6):

Մրցոյթ 177. 

***Հետեւեալին  մէջ աւելցուր միայն բառը.

---Ըստ առաջնորդին՝ կայ  շատ  կցկտուր ձայնագրութիւն մը, որով ոչինչ կարելի  է փաստել:

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալը՝ ըստ ճաշակիդ.

---Տեսերիզը կը ցուցադրէ անօդաչու  սարքի մը կողմէ կատարուած նկարահանումը: 

***Ջնջէ՛ աւելորդաբանութիւնը.

---Հիմնադրամը մասնակցութիւն ունեցած է  Հայաստանի կեանքին մէջ տեղի ունեցող բոլոր իրադարձութիւններուն մէջ:

***Կէտերուն տեղ դի՛ր է կամ են

---Խաղաղ լուծումը եւ զինադադարը  միակ միջոցն . . . խաղաղութեան:

***Վերաշարադասէ՛ ու կէտադրէ՛ հետեւեալը.

---Յաջորդ ընտրութիւններուն, Շոլցի ձախ կեդրոն կուսակցութիւնը  կը նախատե-սուի որ պարտուի:



Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com