Օրերս ուրախալի լուր մը ստացանք «Արեւելք»ի Երեւանի աղբիւրէն։
Սուրբ Խորանի առաջ կանգնելով՝ իրենց ամուսնական ուխտը կնքած են երիտասարդներ Ռուբիկ Գէորգեանն ու Բիւրեղ Քէօշկէրեանը։
Երիտասարդ զոյգերը, հակառակ բազում դժուարութիւններու, վճռած են իրենց կեանքը շարունակել հայրենի երկնակամարին տակ՝ այդպիսով ալ սատարելով մեր ազգին բազմացման ու հայրենիքի ամրապնդման։
Բիւրեղ, որ քանի մը տարի առաջ Պէյրութը թողելով եկած էր Հայաստան, ներգրաւուած էր «Թիչ ֆոր Արմինիա» ծրագրին մէջ ուր եւ ծանօթացած էր իր ապագայ հոգեհատորին։
Նշենք նաեւ, Բիւրեղ դուստրն է ՍԴՀԿ-ի նուիրեալ գործիչներէն, պատասխանատու բազում պաշտօններ վարած եւ ներկայիս նոյն կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան մարմնի անդամ Տիար Ալեքսան Քէօշկէրեանին, որուն եւ իր սիրելի տիկնոջ Տիկին Սիլվայի դաստիարակութեան տաք շունչով հայրենիքի մեծ սէրը վարարած ու տեղ գտած էր Բիւրեղի հոգիին մէջ, եւ որուն արդիւնքն է բնականաբար Բիւրեղի եւ Ռուբիկի՝ Հայաստանի երկնակամարին ներքոյ ընտանիք կազմելու որոշումը։
Այս առթիւ նորապսակներուն եւ անոնց բոլոր հարազատներուն կը յղենք մեր լիասիրտ խնդակցութիւնները։