Պէյրութի մէջ երիտասարդները կը մահանան հիւանդանոցներու դռներու առջեւ։
Օրերս հերթական տխուր պատմութեան մասին իրազեկ դարձաւ «Արեւելք»ը։
Վիգէն Սեմերճեան անունով երիտասարդը, որ վերջին օրերուն ունեցած է առողջական բարդութիւններ, մահացած է Պէյրութի հիւանդանոցներէն մէկուն դռան առջեւ։
Պատճառն այն է, որ երկրին մէջ շարունակական կերպով մոլեգնող տնտեսական իրավիճակը հիւանդանոցներուն յանգեցուցած է խիստ որոշումի մը, որու հիմքով ամէն հիւանդ, ինչ վիճակի ալ գտնուի ան, պարտաւոր է մուծել 1200 ամն տոլարի համազօր լիբանանեան լիրա (շուրջ 120 միլիոն լիրա) գումար, որ կարողանայ նախնական բուժօգնութիւն ստանալ։
Սա է պարագան հարիւրաւոր լիբանանցիներու, որոնցմէ շատերը կ՚ենթարկուին Վիգէնի տխուր ճակատագրին։
Մեր հետեւորդները վստահօրէն հարց պիտի տան, Լիբանանի մէջ չկա՞ն, գոյութիւն չունի՞ն առողջապահական հարցերով զբաղող մարմիններ, բարեսիրական նոյնիսկ զուտ հայկական կառոյցներ, պատասխանը՝ այո՛, կան, բայց ստեղծուած իրավիճակը այնքան ծանրացած է, որ օրէ օր անհնարին կը դառնայ օգնութիւն ցուցաբերել նիւթական լուրջ կարիքներ ունեցող հիւանդներուն։
Վիգէն Սեմերճեանը, ի հարկէ, անոնցմէ մէկն էր, ու տխուրն այն է, որ նման պարագաներու առջեւ մարդ կը մտածէ, թէ ինչքան ներուժ կը կորսնցնէ հայութիւնը յատկապէս հայրենի ափերէն հեռու։
Ճիշդ է, Հայաստանի մէջ ալ կան դժուարութիւններ, բայց Պէյրութի, Հալէպի, Դամասկոսի կամ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իրավիճակները այնքան դժուար դարձած են, որ Վիգէնի նման հայորդիներու կորուստով կրկին անգամ կը հաստատուի այն հին-նոր վարկածը, որ իւրաքանչիւր կորուստ իր մէջ յաջողութեան առիթ եւ երազ ունեցող մարդու անժամանակ կորուստ է։
Կը ցաւակցինք Վիգէնի հարազատներուն։