image

Տիեզերական ոլորտին մէջ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պիտի համագործակցին

Տիեզերական ոլորտին մէջ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա պիտի համագործակցին

 

Թուրքիան տիեզերական ոլորտի մէջ համագործակցութեան շրջածիրէն ներս համաձայնագիր ստորագրած է 3 երկրի հետ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արդիւնաբերութեան եւ արհեստագիտութիւններու նախարար Մուսթաֆա Վարանքը, գրած է «Անատոլու» գործակալութիւնը:

«Փաքիստանի եւ Ատրպէյճանի հետ համագործակցութեան մասին փաստաթուղթը պատրաստ է եւ պիտի ստորագրուի առաջիկային»,-աւելցուցած է նախարարը:

Թուրքիան կը նախատեսէ 2023 թուականի վերջը տիեզերք արձակել սեփական արտադրութեան հիպրիտային հրթիռը, որ կոշտ վայրէջք պիտի կատարէ Լուսնի վրայ: Այս մասին յայտարարած է երկրի նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը` 10 կէտէ բաղկացած ազգային տիեզերական ծրագրի շնորհանդէսի արարողութեան: