Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ թոյլ չի տար Իսրայէլին բռնակցել բռնագրաւուած Արեւմտեան ափը՝ մերժելով իսրայէլեան որոշ ծայրայեղ աջ քաղաքական գործիչներու կոչերը, որոնք կը ձգտին ընդլայնել ինքնիշխանութիւնը այդ տարածքին վրայ եւ այդպիսով անհնարին դարձնել Պաղեստին պետութեան ստեղծումը։ Այս մասին կը գրէ The Guardian-ը։
«Ես պիտի չթոյլատրեմ Իսրայէլին Արեւմտեան ափը բռնակցման ենթարկել։ Ո՛չ, այդ պիտի չթոյլատրեմ։ Ատիկա պիտի չկատարուի։ Բաւական է, ժամանակն է կանգ առնելու»,– ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը լրագրողներուն։
Պարբերականը նշած է, որ Թրամփ այս մեկնաբանութիւնները կատարած է այն պահուն, երբ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կը ժամանէր Նիւ Եորք՝ ուրբաթ օր ՄԱԿ-ի մէջ ելոյթ ունենալու համար։
Նաթանիահուն զգալի ճնշումի տակ է իր իշխող դաշինքին մաս կազմող ծայրայեղ աջ խմբակցութիւններուն կողմէ՝ Արեւմտեան ափը բռնակցման ենթարկելու հարցով, որ մտահոգութիւն յառաջացուցած է արաբ առաջնորդներու մօտ։ Անոնցմէ որոշներ երեքշաբթի օր հանդիպած են Թրամփի հետ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Վեհաժողովի ծիրէն ներս։
Արաբական եւ իսլամական երկիրները նախազգուշացուցած են Թրամփը Արեւմտեան ափի որեւէ բռնակցման ծանր հետեւանքներուն մասին։ Այս ուղերձը, ըստ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆեյսալ պըն Ֆարհան ալ-Սաուտի, Միացեալ Նահանգներու նախագահը «շատ լաւ կը հասկնայ»։