image

Թուրքիոյ ռիսքով լեցուն քայլերը արդիւնաւէտ եղան. Ամերիկացի փորձագէտ

Թուրքիոյ ռիսքով լեցուն քայլերը արդիւնաւէտ եղան. Ամերիկացի փորձագէտ
Մեղմ ուժի կիրառումը Թուրքիոյ կողմէ, այդ շարքին՝ դիւանագիտութեան եւ առեւտուրի ոլորտներուն մէջ, հիմք դրաւ ռիսքերու հաշուարկուած ընդունման, ինչպէս նաեւ՝  ռազմական եւ աշխարհառազմավարական օգուտներուն, կը կարծէ պաշտօնաթող ամերիկացի գնդապետ եւ աշխարհաքաղաքական ռազմավար Ռիչ Ութզըն:
 
«Ռազմական միջամտութիւնները Իտլիպի, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցոյց տուին, որ կ'արժէ որոշ ռիսքերու երթալ»,-ըսած է Ութզըն Anatolian Dispatch Ahval փոտքասթի ժամանակ:
 
«Մենք դիւանագիտական ​​փոխգործակցութեան օրինակ կը տեսնենք. դիւանագիտական ​​ներգրաւուածութիւնն առեւտրային գործունէութիւն կը ծնի, առեւտրային գործունէութիւնը՝ ռազմական համագործակցութիւն, իսկ ռազմական համագործակցութիւնը կը յանգեցնէ արդիւնաբերական փոխանակումներու, իսկ որոշ պարագաներու՝ պաշտպանական եւ արդիւնաբերական համագործակցութեան»,- ըսած է Ութզըն: «Եւ շատ շուտով, որպէս արդիւնք, դուք կ'ունենաք մուտքի ցանց որ կը ներառէ մուտք դէպի Պալքաններ, Կովկաս, Հիւսիսային Ափրիկէ, Պարսից ծոց եւ Կեդրոնական Ասիայ»:
 
Վերջին տարիներուն արտասահմանի մէջ դիւանագիտութեան համար Թուրքիոյ պիւտճէն զգալիօրէն աւելցած է, քանի որ երկիրը եռապատկած է իր դիւանագիտական ​​առաքելութիւնները Ափրիկէի մէջ եւ աւելի քան վեցապատկած է մայրցամաքի հետ առեւտուրը, ըսած է Ութզըն:
 
Անոր խօսքով՝ Թուրքիան իւրատեսակ ռազմական արհեստագիտական յեղափոխութեան ենթարկուած է՝ նոր անօդաչու թռչող սարքեր, արբանեակներ եւ ելեկտրոնային պատերազմի համակարգեր գործարկելով իր ուժանիւթի նախագծման ցանցի շրջածիրէն ներս:
 
Ըստ Ութզընի՝ աւանդական արտաքին քաղաքականութիւնը զգուշաւոր եւ փրակմաթիք էր:
 
«Նոյնիսկ պաղ պատերազմէն ետք մենք տեսանք, որ Թուրքիան շատ զգոյշ կը հետեւէր «հարեւաններու հետ զէրօ խնդիրներ» քաղաքականութեան, որ կը փորձէր իւրատեսակ իտէալիստական ​​բազմակողմանի մօտեցում կիրառել եւ փորձել լուծել խնդիրները Սուրիոյ, Իրանի, ռուսերու հետ, բայց հասկցաւ, որ շուրջը հրդեհ է»,- ըսած է ան:
 
Օութզընի խօսքով՝ 2020 թուականին Թուրքիան ծանր ուժ  նախագծած է բազմաթիւ ճակատներու վրայ, ինչպիսիք են Սուրիան, Լիպիան եւ Լեռնային Ղարաբաղը, ըսած է Ութզըն: «Երեք տարբեր թատրոն` իշխանութեան նախագծման երեք տարբեր տրամաթիկ կիրառութիւններով, եւ, ի դէպ, չորրորդը, որ կը գործէ ամբողջ տարին, անդրսահմանայինն է՝ ՔԱԿ-ի դէմ, փոքրը՝ Սուրիոյ եւ աւելի մեծը՝ Իրաքի մէջ: Այդ չի համապատասխաներ թոյլ կամ մեկուսացած Թուրքիոյ գաղափարին»: