Թուրքիոյ Մուղլա նահանգի մօտ 150-ամեայ պատմական տուներու կոչնակներու թիւը երթալով կը նուազի: Հայ եւ յոյն վարպետներու ձեռքով պատրաստուած եւ արուեստի գործ ներկայացնող 4 հազար կոչնակէն այսօր մնացած է 20-30-ը միայն: Ըստ թրքական «Milligazete.com.tr» ելեկտրոնային պարբերականի` օսմանեան մշակոյթի մէկ մասը հանդիսացող կոչնակները այսօր գողերու թիրախ յայտնուած են եւ պահպանութեան տակ չառնուելու պարագային ամբողջութեամբ պիտի վերանան:
Աղբիւրի համաձայն, նախապէս Մուղլայի ամենագեղեցիկ ճարտարապետական օրինակներ հանդիսացող տուներու մեծ մասը կոչնակներ ունեցած են: Երկփեղկ փայտեայ դռներու կարեւորագոյն զարդ հանդիսացող կոչնակները տան տէրերու ընկերային եւ մշակութային ճաշակի մասին շատ բան կ'ըէին:
Այս մասին Ճարտարապետ Էրթուղրուլ Ալատաղը, որ կ'ուսումնասիրէ կոչնակներու պատմութիւնը , կ'ըսէ. «Հայ եւ յոյն վարպետներու հմուտ ձեռքերու աշխատանքը հանդիսացող կոչնակները բացի զանգի գործառոյթ կատարելէ, նաեւ արուեստի իսկական գործ են»: Ալատաղ կը նշէ, որ Մուղլայի պատմական կոչնակները իրենց ներկայացուցած մշակոյթի եւ կենցաղի հետ միասին վերանալու վտանգի տակ են եւ անհրաժեշտ է այն կանխել: