image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժերու վնասը գերազանցած է 105 միլիառ տոլարը

Թուրքիոյ մէջ երկրաշարժերու վնասը գերազանցած է 105 միլիառ տոլարը

Թուրքիոյ մէջ փետրուարեան երկրաշարժերու վնասը գերազանցած է 105 միլիառ տոլարը: Ինչպէս նշած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այս մասին յայտնած են երկրի իշխանութիւնները:

Նշենք, որ փետրուար 6-ին տեղի ունեցած երկրաշարժերու զոհերու թիւը, վերջին տուեալներով, հասած է 49 000-ի, որու մասին ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը։

Էրտողան յոյս յայտնած է, որ բարեկամ երկիրներու օգնութեան շնորհիւ Թուրքիան կը կարողանայ յաղթահարել երկրաշարժի հետեւանքները։