image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ. Ձերբակալած են 16-ամեայ երիտասարդ մը. Պատճառը Էրտողանի պատկերին վրայ պեխ նկարելն է

Թուրքիոյ մէջ. Ձերբակալած են  16-ամեայ երիտասարդ մը. Պատճառը Էրտողանի պատկերին վրայ  պեխ նկարելն է

Թուրքիոյ մէջ նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ քաղաքներու տարբեր հատուածներուն մէջ փակցուած էին «Արդարութիւն եւ զարգացում» (AKP) կուսակցութեան նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի նախընտրական պաստառները:

Ինչպէս կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները, Մերսին քաղաքին մէջ փակցուած Էրտողանի պաստառներէն մէկուն վրայ 16-ամեայ տղայ մը նկարած է Հիթլերի պեխեր։ Անոր կը վերագրուի նաեւ պաստառի վրայ հայհոյանքներ գրելը։ Ոստիկանները պարզած են տղու ինքնութիւնը եւ բերման ենթարկած։

Դէպքի առնչութեամբ անչափահաս տղան ցուցմունք տուած է եւ ըսած, որ պեխերը ինք նկարած է, բայց պաստառի տարբեր հատուածներուն հայհոյանքներ չէ գրած։

Նախագահը վիրաւորելու մեղադրանքով վերյիշեալ տղան ձերբակալուած եւ ուղարկուած է Թարսուսի անչափահասներու բանտ։