image

Թուրքիոյ կառավարութեան կազմին մէջ փոփոխութիւններ

Թուրքիոյ կառավարութեան կազմին մէջ  փոփոխութիւններ

Թուրքիոյ կառավարութեան կազմին մէջ յառաջիկային կրնան տեղի ունենալ շարք մը փոփոխութիւններ: Այդ մասին կը խօսուի թրքական մամուլին մէջ, ինչպէս նաեւ համացանցի թրքական տիրոյթին մէջ:

Նման խօսակցութիւններ շրջանառուեցան Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլի հրաժարականէն յետոյ:

Բացի անկէ` Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը քանի մը օր առաջ չէր բացառած որոշ փոփոխութիւններ կառավարութեան մէջ` ընդգծելով, որ ամէն ինչ կախուած է ծառացած նոր խնդիրներէն, որոնց հետ կը բախի Թուրքիան:

Ուշագրաւ է, որ համացանցի թրքական տիրոյթին մէջ նոյնպէս կը խօսուի այդ մասին: Օրինակ` թուրք լրագրող Թոլկա Ըշըքը, անդրադառնալով այդ թեմային, Թուիթըրի էջով գրած էր, որ շուտով 1-3 նախարար պիտի փոխուին: