image

Թուրքիոյ հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքը Մայր Աթոռ ժամանեց

Թուրքիոյ հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքը Մայր Աթոռ ժամանեց

8 մարտին, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին ժամանեց Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ արք. Մաշալեան։ Յայտնած են Մայր Աթոռի տեղեկատուական համակարգէն։

Այս առիթով Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի միաբանները առաջնորդեցին Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը թափորով Քրիստոսահիմն Մայր Տաճար, ուր Իջման Ս. Սեղանի առջեւ կատարուեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն։

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի լուսարարապետի պաշտօնակատար Հոգեշնորհ Տ. Յարութիւն վարդապետ Կիրակոսեան Մայր Աթոռի միաբանութեան անունով ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց Սահակ Պատրիարքին։

Այնուհետեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը, գոհութիւն վերառաքելով առ Աստուած վերստին հայոց հոգեւոր կեդրոն այցելելու համար, իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Ս. Էջմիածնի միաբանութեան։

Ապա Վեհարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի առանձնազրոյցը:

Առաջիկայ օրերուն Ամենապատիւ Սահակ Պատրիարքն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Մայր Աթոռին մէջ գումարուելիք Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին: