Հոկտեմբեր 23-ին Թեհրանի մէջ տարածաշրջանային խորհրդակցական հարթակի («3+3») հանդիպման շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ ԱԳՆ-էն։
Քննարկուած են ընթացիկ տարածաշրջանային եւ երկկողմ օրակարգային հարցեր:
Վերահաստատուած է նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններն ի կատար ածելու պատրաստակամութիւնը: