image

Թուրքիոյ 30 մարտի ընտրութեանց եւ 1 ապրիլի հայկական պարբերականներու քրոնիկներուն մասին...

Թուրքիոյ  30 մարտի  ընտրութեանց եւ  1 ապրիլի հայկական  պարբերականներու   քրոնիկներուն  մասին...

  Գալով Հայաստանին եւ հայութեան, եւ քանի որ ընտրութիւնները ՏԻՄ ընտրութիւններ են,  ապա հարկ է   ըլլալ  աւելի  զգուշաւոր եւ զինուիլ համբերութեամբ։  Հարկ է սպասել ջուրերու   հանդարտեցման, որմէ  ետք միայն  կարելի կ՚ըլլայ  աւելի խորքային  վերլուծումով մը դիտարկել  այս  անկիւնադարձային ընտրութիւններուն հիմնական  արդիւնքները։

 

 Սագօ Արեան  Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

 

 Ի՜նչ  խօսք, որ   երէկ Թուրքիոյ   մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններու արդիւնքները  բոլոր  առումներով   առանցքային էին։ 

 Երկրի ողջ  տարածքին  Թուրքիոյ   ընդդիմադիր   գլխաւոր  CHP  կուսակցութիւնը    շատ   ծանր  քաշի  յաղթանակ մը գրանցեց եւ    այս քայլով  ալ    ըստ նախնական  տուեալներու եւ վերլուծութիւններու Թուրքիան  պիտի ընդանայ բոլորովին նոր հունով։ 

  Անշուշտ  այստեղ  բախտագուշակ պիտի ըլլալ,  որպէսզի  մարդ կարողանայ   ճիշդ ձեւակերպումներ  կատարէ  այդ  երկրի գալիքին վերաբերեալ (բան մը, որ իմ ոճը չէ, ոչ  վերնագրում   գրելու, ոչ ալ  լայք հաւաքելու տեսակէտէն)  բայց եւ այնպէս բացորոշ է, որ   1 ապրիլէն  ասդին մենք  գործ պիտի ունենանք բոլորովին  նոր որակներու Թուրքիոյ մը հետ, ուր   անակնկալ ցնցումները  կամ նոյնիսկ «անսպասելի»   արձագանգները  բացառուած պիտի չըլլան։ 

 Թուրքիոյ  թիւ մէկ քաղաքական  գործիչ՝ Ռ. Թայէպ Էրտողան  կանգնած է  բաւականին լուրջ  փորձաքարի մը առջեւ եւ  անոր մասին  իմ  շաբաթներ առաջ  գրած   վերլուծութիւնս կարծես թէ  կամաց-կամաց  կ՚ընթանայ դէպի ամբողջական իրականութիւն։

 Ի՜նչ խօսք Էրտողան, որ իր վրայ  վերցուցած է (եւ այս քանի տարիներէ ի վեր)  երկրի  քաղաքական ամբողջ պատասխանատւութիւնը   կրնայ  արագօրէն  «խաղը փոխել»,  տեղի  տալ,  հեռանալ,  «հանգստեան կոչուիլ»  կամ ալ   գործի դնել  այն  «թաքուն» համարուած  գործիքները, որոնք  կրնան  դարձեալ ջուրի երես հանել  քաղաքական նոր ձեւակերպուող համայնապատկերը։ 

  Ոչ մէկ բան  բացառուած է  Թուրքիոյ մէջ, ուր  քաղաքական  ցնցումները կամ  «ձեռնառումբեր»ու  օգտագործումը  կը համարուին  «պիտանի»  գործիքներ   ներքին  խաղը առաջ  տանելու  առընթեր։ 

 Դասական  խաղին  մէջ  իր   ստորագրութիւնը  դրած  Էրտողան  այսօր  կանգնած է ոչ-դասական  համարուած վիճակի մը առջեւ  ու հոն է կարծէք, որ թաղուած է    ընդհանուր վիճակներու հիմնական  գաղտնաբառ-բասուորտը։ 

 Այսքանը գրելէ  անդին այստեղ  հարկ է   լոյսին բերել այսօր առաւօտ  Պոլսոյ մէջ  լոյս տեսած երկու հայկական  օրաթերթերու, ինծի շատ սիրելի «Ժամանակ»ին եւ    «Նոր Մարմարա»ին բնութագրումները, որոնք տեղ մը լոյսին կրնան  բերել   Պոլսոյ «Հայկական իրականութեան»  կարեւոր շեշտերը։

  Եւ այսպէս մինչ  «Ժամանակ»  ընտրութեանց արդիւնքը  «անվախօրէն»   յեաղշրջում կը համարէ ու  CHP-ն  կը համարէ  երկրի քաղաքական  գլխաւոր  ուժ,  իսկ «Նոր Մարմարա» եղածը կը համարէ մինչեւ    ընտրութիւնները  իշխող   քաղաքական մենաշնորհային»  վիճակը համարեց  «պատմութեան անցած» շրջան մը։ 

 Անշուշտ  դեռ վաղ է վերջնական վերլուծումներ  կատարելու, բայց եւ այնպէս  երկու հայկական  բանբերները, որոնք ինչ  որ չափով եւ ինչ որ տեղ  կը համարուին «զգուշաւորութեան» մէջ առաջատար,  չեն  կարողացած  (ելլելով ընդհանուր արդիւնքներէն եւ երկրին մէջ տիրող  նոր մթնոլորտէն)  մնալ իրենց  սահմաններուն մէջ ու կարճ ու սեղմ տողերով  շատ բան ըսած են երէկ  պարզուած  խորապատկերին մասին։

 Ստորեւ   երկու թերթերուն  առաջին էջին «բազմած»  կարճ քրոնիկներէն   հատուածներ։

 Եւ այսպէս «Ժամանակ» կը գրէ՝

«Երէկուան տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքը Թուրքիոյ ներքին քաղաքական օրակարգին վրայ յեղաշրջման մը ազդեցութիւնը գործեց։ Արդարեւ, բոլոր հաւասարակշռութիւնները հիմնական փոփոխութեան մը ենթարկուեցան։ Գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ տասնամեակներ վերջ աննախընթաց ոստում մը արձանագրեց եւ այս պահու դրութեամբ դարձած է երկրի յառաջատար քաղաքական ուժը»։

 Ինչ կը վերաբերի  «Նոր Մարմարա»ին ապա     այդ թերթը եւս   կարեւոր  «շունչ»ով մը կը գրէ՝ 

«Թուրքիա այսօր, 1 Ապրիլի առաւօտը կը դիմաւորէ սովորականէն տարբեր իրականութեամբ մը։ Քաղաքական այն օրակարգը, որ 2009էն ի վեր Ա-Գէ-Փէ իշխանութեան «մենաշնորհ»ն էր, պատմութեան անցաւ, երեք տասնամեակ յետոյ բովանդակ երկրի տարածքին յաղթանակ ապահովելով ընդդիմադիր մայր կուսակցութեան՝ Ճէ-Հէ-Փէին»։ 

  Գալով Հայաստանին եւ հայութեան, եւ քանի որ ընտրութիւնները ՏԻՄ ընտրութիւններ են,  ապա հարկ է   ըլլալ  աւելի  զգուշաւոր եւ զինուիլ համբերութեամբ։  Հարկ է սպասել ջուրերու   հանդարտեցման, որմէ  ետք միայն  կարելի կ՚ըլլայ  աւելի խորքային  վերլուծումով մը դիտարկել  այս  անկիւնադարձային ընտրութիւններուն հիմնական  արդիւնքները։